ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հոկտեմբեր 3-5ին տեղի պիտի ունենայ «Թարգմանութիւնը որպէս մշակոյթներու փոխներթափանցման ձգողական դաշտ» խորագիրով համաժողով:
Համաժողովին պիտի մասնակցի շուրջ 100 ներկայացուցիչ ԱՊՀ եւ պալթեան 11 երկիրներէ (Ռուսիա, Ուքրանիա, Հայաստան, Վրաստան, Լաթուիա, Էսթոնիա, Լիթուիա, Պելոռուս, Տաճիկստան, Ղազախստան, Քիրկիզիա):
Համաժողովը նախաձեռնած է ԱՊՀ երկիրներու մարդասիրական գործակցութեան միջպետական հիմնադրամը, զոր կազմուած է ԱՊՀ երկիրներու մարդասիրական գործակցութեան խորհուրդի կողմէ, 2007ին: Համաժողովի նպատակն է նպաստել ԱՊՀ եւ պալթեան երկիրներուն մէջ կրթական, թարգմանական գրականութեան, հրատարակչական քաղաքականութեան, գիրքի շուկայի, հեղինակային իրաւունքի հիմնախնդիրները լուծելուն, ինչպէս նաեւ այդ երկիրներուն մէջ միասնական մշակութային տարածքի ձեւաւորումին եւ ժամանակակից տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու կիրառումին: Համաժողովի աշխատանքներուն կը մասնակցին գրողներ, գրահրատարակիչներ, թարգմանիչներ, բուհերու ղեկավարներ, դասախօսներ, պետական այրեր, ոլորտի պատասխանատուներ: