Ատրպէյճանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Սապինա Ալիեւա 29 Օգոստոսին հանդիպեցաւ նախօրէին Լաչինի միջանցքէն ատրպէյճանցիներուն կողմէ առեւանգուած արցախցի երեք երիտասարդներուն հետ:
«Ձերբակալուածները գոհունակութիւն յայտնեցին կեցութեան պայմաններուն, բուժման, ուտելիքին, ինչպէս նաեւ հոգեբանական օգնութեան գծով: Այցելութեան ընթացքին ձերբակալուածներուն կարելիութիւն տրուեցաւ հեռաձայնով զրուցելու իրենց ընտանիքի անդամներուն հետ», յայտնեց Ալիեւայի գրասենեակը։