Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնա յայտարարեց, որ Պաքու խեղդամահութեան ռազմավարութիւն կը կիրարկէ Արցախի հայերուն նկատմամբ, որպէսզի ստիպէ զանոնք զանգուածաբար արտագաղթելու:
Այս մասին Քոլոնա յայտարարեց արտերկրի մէջ` Ֆրանսայի դեսպաններու տարեկան համաժողովին ունեցած իր ելոյթի ընթացքին։
«Մենք մեր ուժերը կը լարենք այնպէս, որ պայմաններ ստեղծենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ արդար եւ կայուն խաղաղութեան համար, սահմանազատուին երկու երկիրներու միջեւ սահմանները, եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին առաջարկուի հոն ապրելու կարելիութիւն` ապահովելով իրենց իրաւունքները, մշակոյթը եւ պատմութիւնը», յայտարարեց Քոլոնա՝ աւելցնելով. «Լեռնային Ղարաբաղէն հայերու զանգուածային արտագաղթը հրահրելու վերաբերող խեղդամահութեան ռազմավարութիւնը անօրինական է եւ, ինչպէս Արդարադատութեան միջազգային դատարանը վճռեց, անիկա նաեւ անբարոյ է»:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը չուշացաւ հակազդելու Քալոնայի յայտարարութիւններուն. նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ պնդեց, որ անոնք չեն ծառայեր տարածաշրջանի կայունութեան:
Հակադարձելով Քալոնային՝ Հաճիզատէ դիտել տուաւ, որ Պաքու ջանքեր գործադրէ Ղարաբաղի հայերը համարկելու ուղղութեամբ: «Բացարձակապէս սխալ է այդ ջանքերը խոչընդոտել եւ յայտարարել, թէ իբր թէ շրջանէն հայ բնակիչները վտարելու քաղաքականութիւն կը վարենք։ Անգամ մը եւս կոչ կ՛ուղղենք ֆրանսական կողմին՝ վերջ տալու նման քայքայիչ եւ սադրիչ յայտարարութիւններու», յայտարարեց Հաճիզատէ:
Նոյն օրը Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի հետ, եւ անոնք անդրադարձան տարածաշրջանին իրադրութեան:
Ըստ Հայաստանի վարչապետի գրասենեակին՝ Փաշինեան ընդգծեց Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի փակման պատճառով Արցախի մէջ մարդասիրական ճգնաժամի օրէ օր խորացումը, ինչպէս նաեւ ան շեշտեց անոր յաղթահարման եւ լուծման վերաբերող քայլերու անհրաժեշտութիւնը:
Զրուցակիցները ընդգծեցին տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան ապահովման ուղղութեամբ հետեւողական ջանքերու կարեւորութիւնը:
Միւս կողմէ, Հայաստան պիտի հասնի Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօ, որ 30 Օգոստոսին, Երեւանէն պիտի ուղեկցի մարդասիրական բեռներուն՝ դէպի Լաչինի միջանցքը:
Արցախին այդ օգնութիւնը տրամադրած են Փարիզի եւ ֆրանսական շարք մը մեծ քաղաքներու իշխանութիւնները։ Այս մասին կը գրէ Կովկասի մէջ Ֆրանսայի գործունէութիւնը լուսաբանող Caucasefrance.com կայքը:
«Մենք պիտի փորձենք տեղ հասցնել առաջին անհրաժեշտութիւն համարուող ապրանքներով բեռցուած 10 բեռնատար», ըսաւ Մարսէյի քաղաքապետ Միշել Ռիւպիրոլա:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն նաեւ Ֆրանսայի Ծերակոյտի անդամ Պրիւնօ Ռեթայօ, Օ-տը-Ֆրանս շրջանի ղեկավար Էքզաւիէ Պերթրան, Սթրասպուրկի քաղաքապետ Ժաննա Բարսեղեան եւ ուրիշներ: