
Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 1 Սեպտեմբերին Ազգային ժողովին պիտի ներկայացնէ Արցախի նախագահի պաշտօնէն հրաժարելու իր դիմումը: Այս մասին ան գրած է «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ՝ հաստատելով, որ որոշումը վերջնական է:
«Վաղը ես Արցախի Հանրապետութեան ժողովրդին ու Ազգային ժողովին եմ ներկայացնելու Արցախի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնից հրաժարականի դիմումս: Այս վերջնական որոշումը ես կայացրել եմ երկու օր առաջ՝ հաշուի առնելով վերջին շաբաթների իմ շփումները բոլոր ներքին ու արտաքին դերակատարների եւ լայն հանրութեան հետ: Սա իմ ունեցած տուեալների վերլուծութեան արդիւնքների հիման վրայ կշռադատուած որոշում է՝ կայացուած բացառապէս իմ կողմից: Սիրելի՛ հայրենակիցներ, ես շարունակելու եմ ընտանիքիս՝ Արցախում գտնուող անդամների հետ ապրել Արցախում, առաւելապէս ընդգրկուելու եմ Արցախի անվտանգութեան ապահովման գործում, շարունակելու եմ կրել իմ բաժին պատասխանատուութիւնը Արցախի ապագայի նկատմամբ եւ աջակցելու եմ երկրի գործող իշխանութիւններին: Իմ այս քայլն ուղղուած է նաեւ Արցախում ներքին կայունութիւնն ու հասարակական ամուր կարգն ապահովելուն: Ի հեճուկս բոլոր դժուարութիւնների, մեր ներքին կայունութիւնն ու հանրային համերաշխութիւնը բոլոր յաջողութիւնների նախապայմանն է, որից ցանկացած շեղում կամ շեղման փորձ պէտք է բացառուի: Խաղաղութիւն, բարօրութիւն ու յաւէրժականութիւն Արցախ աշխարհին ու հայ ազգին», գրած է Յարութիւնեան:
«Ազատութիւն»ը կը տեղեկացնէ, որ Արցախի նախագահ կրնայ ընտրել խորհրդարանը. այս տարուան 14 Յուլիսին, Արցախի Ազգային ժողովը փոխեց օրէնքը, ըստ որուն, ռազմական դրութեան ընթացքին, Ազգային ժողովը կ՛ընտրէ նախագահը՝ «մինչեւ գործող նախագահի լիազօրութիւնների աւարտը նախագահի պաշտօնը թափուր մնալու դէպքում՝ ոչ շուտ, քան 7, ոչ ուշ, քան 10 օր յետոյ»:
Ազգային ժողովը՝ խմբակցութիւններուն առաջարկով կ՛ընտրէ նախագահ, որ կը պաշտօնավարէ մինչեւ գործող նախագահի լիազօրութիւններու ժամկէտի աւարտը: Այս կը նշանակէ, որ Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականի պարագային, խորհրդարանին ընտրած նախագահը պիտի պաշտօնավարէ մինչեւ 2025: Յարութիւնեան ընտրուեցաւ Մայիս 2020ին՝ հինգ տարուան ժամկէտով:
31 Օգոստոսին, Արայիկ Յարութիւնեանի հրամանագիրով, պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան հեռացուեցաւ իր վարած պաշտօնէն եւ պետական նախարար նշանակուեցաւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սամուէլ Շահրամանեան: «Արմէնփրէս»ը այս մասին տեղեկացաւ Յարութիւնեանի «Ֆէյսպուք»ի գրառումէն, որուն մէջ կը նշուի, որ Շահրամանեանին պիտի տրուին լայն լիազօրութիւններ:
Ասոր զուգահեռ, Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարարի խորհրդական Արտակ Բեգլարեան իր իս դիմումով դադրեցաւ այդ պաշտօնը վարելէ: