
Վարդենիսի սահմանին վրայ, 1 Սեպտեմբերին, ատրպէյճանական զօրքերու արձակած թէժ կրակոցներուն պատճառով զոհուեցան 3 հայ զինուորներ` Անդրանիկ Արշակի Անտոնեան, Արսէն Ալեքսանդրի Մկրտչեան եւ Վաչագան Սարոյի Վարդանեան:
Պաշտպանութեան նախարարութիւնը զոհերուն կարգին հրապարակեց Նարեկ Կարէնի Պօղոսեանի անունը, սակայն աւելի ուշ տեղեկացուց, որ նոր զեկոյց ստացած է բժիշկներէն, որոնք տեղեկացուցած են, թէ Նարեկի սիրտի զարկը վերականգնած է, սակայն ան կը գտնուի ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ. աշխատանքներ կը տարուին զայն փրկելու:
Նարեկ Պօղոսեանէն բացի կան նաեւ 2 այլ վիրաւորներ, որոնց վիճակը միջին ծանրութեան է, եւ անոնց կեանքը վտանգուած չէ։
1 Սեպտեմբերի առաւօտեան 7:50էն սկսեալ իրադրութիւնը լարուեցաւ Վարդենիսի Սոթք, աւելի ուշ Նորաբակ գիւղերու դիրքերուն մէջ: Ըստ պաշտպանական գերատեսչութեան` Ատրպէյճան աշխոյժ կերպով կրակեց հրաձիգերով, նաեւ ականանետով: Կրակի աշխուժութիւնը 3 ժամ ետք նուազեցաւ, ապա վերսկսաւ նաեւ անօդաչու թռչթղ սարքերու կիրարկումով` Սոթքէն բացի, Նորաբակի ուղղութեամբ:
Ըստ ռազմական գերատեսչութեան տարածած վերջին հաղորդագրութեան` ժամը 5:30ի դրութեամբ իրադրութիւնը յարաբերականօրէն կայուն է:
Այդ ընթացքին, ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, Սոթքի հատուածին մէջ Պաքուի ռազմական յաւելեալ սարքերու եւ անձնակազմի կուտակում նկատուեցաւ: Պաքու այս բոլորը հերքեց` պնդելով, թէ հայկական կողմն է, որ մեծ քանակութեամբ զէնք եւ ռազմական սարքեր տեղադրած է:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակեց տեսանիւթ մը, որուն մէջ Ատրպէյճանի զինուորական սարքերուն աշխուժութիւնը կը նկատուի յստակ կերպով:
Պաքու առաւօտ կանուխէն, հայկական կողմին զուգահեռ ժամանակագրութեամբ տարածեց հերքումներ` մեղադրելով հայկական կողմը՝ իրենց դիրքերու ուղղութեամբ կրակելու, ընդհուպ հարուածային անօդաչու թռչող սարքեր կիրարկելու յանցանքով։ Ատրպէյճան հաղորդեց երեք վիրաւոր զինուորներու մասին։
ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՍՏՈՐԱԲԱԺԱՆՈՒՄՆԵՐԸ ՊԷՏՔ Է ԴՈՒՐՍ ԲԵՐՈՒԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ. ԵՐԵՒԱՆ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը տարածելով՝ արձագանգեց տեղի ունեցածին` յայտնելով, որ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան դէմ ոտնձգութիւնները կը հանդիսանան սեփական կամքը պարտադրելու՝ Պաքուի թշնամական քաղաքականութեան շարունակութիւնը։ Երեւան վերահաստատեց իր դիրքորոշումը, որ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու բոլոր ստորաբաժանումները պէտք է դուրս բերուին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն:
«Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան դէմ ոտնձգութիւնները, որոնք զուգորդւում են ՀՀ ինքնիշխան տարածքների նկատմամբ նկրտումների վերաբերեալ ադրբեջանական կողմից տարբեր մակարդակներով, ինչպէս նաեւ տարբեր պետական լրատուամիջոցներով պարբերաբար հնչող յայտարարութիւններով ու ռազմատենչ հռետորաբանութեամբ, հանդիսանում են ուժի եւ ուժի սպառնալիքի կիրառման միջոցով առկայ հարցերը կարգաւորելու, սեփական կամքը պարտադրելու Բաքուի ագրեսիւ (յարձակողապաշտ) քաղաքականութեան շարունակութիւնը», կ՛ըսուի վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ:
Լաչինի միջանցքի ապօրինի փակումը վերացնելու հասցէական կոչերու եւ աճող ճնշման պայմաններուն մէջ, Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուող այս սադրանքը, ըստ հաղորդագրութեան, նաեւ միտուած է շեղելւ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը եւ խուսափելու իր պարտաւորութիւններու կատարումէն. նման քայլեր կրնան լրջօրէն խոչընդոտել տարածաշրջանին մէջ կայունութիւն եւ տեւական խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերը:
Երեւան միջազգային հանրութեան եւ տարածաշրջանին մէջ իրական կայունութեամբ հետաքրքրուած կողմերուն կոչ ուղղեց` «առկայ մեխանիզմների (գործիքակազմերու) կիրառմամբ եւ գործուն ու յստակ քայլերի միջոցով զսպել Ադրբեջանի օրէցօր սաստկացող առաւելապաշտական վարքագիծը` իրավիճակի յետագայ սրումը կանխելու եւ Ադրբեջանին կառուցողական դաշտ վերադարձնելու նպատակով»։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւս անդրադարձաւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ Սոթքի եւ Նորաբակի ուղղութեամբ սադրանքին:
«Այսօր Ադրբեջանի զինուած ուժերը, օգտագործելով անօդաչու թռչող սարքեր եւ ականանետեր, Սոթքի եւ Նորաբակի մօտակայքում Հայաստանի մարտական դիրքերի ուղղութեամբ թիրախաւորել են N դիրքերը, ինչի հետեւանքով զոհուել է 3 զինծառայող, վիրաւորուել ` 2ը: Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ ոտնձգութիւնները` զուգորդուած ռազմատենչ հռետորաբանութեամբ, Ադրբեջանի քաղաքականութեան շարունակութիւնն են», գրած է Փաշինեան «Էքս»ի իր էջին վրայ։