Հայաստանի անկախացումէն ի վեր ոչ մէկ կառավարութեան կազմութիւն այսքան երկար բանակցութիւններու կարիքը ունեցած է։ Մայիս 12ի խորհրդարանական ընտրութիւններէն յետոյ միայն Յունիս 8ին յստակ դարձաւ դահլիճի կազմը, կամ աւելի ճիշդ՝ յաջորդ ութ ամիսներու կառավարական համակարգը մինչեւ նախագահական ընտրութիւններ։
Երեւոյթը առանձնաբար ուշադրութեան արժանի է, որովհետեւ խորհրդարանական ընտրութիւններու յաղթական Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը (ՀՀԿ) Ազգային ժողովէն ներս ունէր մեծամասնութիւն եւ նշանակեալ վարչապետ, եւ հանրապետականներու նախագահական թեկնածու Սերժ Սարգսեան հարց պիտի չունենար դահլիճ կազմելու եւ խորհրդարանի վստահութեան քուէն ստանալու։ Յատուկ կերպով խնդրայարոյց պիտի չըլլար նորելուկ «Բարգաւաճ Հայաստան»ի հետ համաձայնական կառավարութիւն մը, եթէ հարցը խորհրդարանական օրինականութիւնը աւելի լայնածաւալ ընել էր։ Ի վերջոյ, «Բարգաւաճ Հայաստան»ի ղեկավարութիւնը, անձնապէս անոր հիմնադիրը, եւ հանրապետականներու ղեկավարութիւնը, կամ այդ ղեկավարութեան երեւելի դէմքերը, երկրի տնտեսութեան տէրերն են, եւ Հայաստանի նման երկրի մը յատուկ «ազատ շուկայի» պայմաններուն մէջ, աւելի շահ ունին համագործակցութեան, քան մրցակցութեան մէջ։ Եւ ամէն պարագայի, երկու կուսակցութիւնները ի վերջոյ կազմեցին համաձայնական կառավարութիւն։ Հարցը, պարզ է, խորհրդարանական երրորդ ուժն էր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, որ նոյնիսկ եթէ կացութիւն փոխելու չափ քուէ չունի խորհրդարանէն ներս, ընտրութիւններուն իր արձանագրած բարելաւումով կրնար ընդդիմութեան դիրքերէ լուրջ հարցադրումներ ընել կառավարութեան գործունէութեան, իսկ Ազգային ժողովէն դուրս, հասարակական զօրաշարժի ճամբով կացութիւն ստեղծել։
Դաշնակցութեան հետ համաձայնութեան հասնելով Սերժ Սարգսեան հաւանաբար գրաւը դրած էր առաւելագոյնին վրայ։ Այն, որ Դաշնակցութիւնը նախագահական յաջորդ ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը պաշտպանէր։ Այդ մէկը կարելի չեղաւ։ Ինչպէս հրապարակային կերպով կուսակցութեան ղեկավարութիւնը բազմիցս յայտարարած էր՝ Դաշնակցութիւնը այդ ընտրութիւններուն կը մասնակցի իր սեփական թեկնածուով, նուազագոյն նախապայման մը քաղաքական ու գաղափարախօսական իր ինքնուրոյնութիւնը պահելու եւ հաստատագրելու համար։ Սակայն Դաշնակցութիւնը համաձայնութիւն ստորագրեց «Բարգաւաճ»-Հանրապետական համաձայնական կառավարութեան հետ, եւ, անկախ անկէ, թէ ի՛նչ մեկնաբանութիւն տուին կամ կու տան այդ համաձայնութեան երրորդ կողմի դէտերներ ու վերլուծողներ, գործադիր իշխանութեան մէջ պատասխանատուութեան բաժին ստանձնեց։ Կուսակցութեան Հայաստանի կազմակերպութեան Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչը եւ այլ ղեկավարներ յստակ դարձուցին, որ Դաշնակցութեան պատասխանատուութիւնը կը սահմանափակուի իր ստանձնած նախարարութիւններու աշխատանքային ոլորտին մէջ, եւ հո՛ն է, որ Դաշնակցութիւնը ցոյց պիտի տայ, թէ կառավարման մէջ տարբերութիւն կրնայ ընել։ Մարտահրաւէրը պիտի ըլլայ այդ տարբերութեան փաստը տալէ յետոյ զայն հասարակութեան այնքան մը տեսանելի դարձնել, որ ընտրողները ապագային քուէատուփ ուղղուելու ժամանակ գիտակցին այդ տարբերութեան։ Առանց, բնականաբար, կատարուած աշխատանքը անջատելու կառավարութեան գործէն, ինչ որ անհեթեթ պիտի ըլլայ։
Այս մարտահրաւէրին միւս երեսը սակայն, ընդդիմութիւն կազմելէ հրաժարիլն է, շատ հաւանաբար այն նուազագոյնը, որուն վրայ Սերժ Սարգսեան գրաւ դրած էր, եւ որ ամէն պարագայի, դարձեալ ձեռնտու է իրեն։ Փաստօրէն, Դաշնակցութեան ղեկավարները իրենց դիրքը չեն ներկայացներ որպէս ընդդիմութիւն, այլ որպէս այլընտրանքային կառավարում։ Յունիս 8ին, Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակի այս կացութիւնը 2003ի կացութենէն տարբեր չէր թուեր։ Որքան ալ որ համաձայնական կառավարութիւնը բաղկացած ըլլայ երկու եւ ոչ թէ երեք կուսակցութիւններէ, եւ որքան ալ, որ Դաշնակցութիւնը անոնց հետ կառավարման համաձայնութիւն ստորագրած ըլլայ, փաստօրէն Ազգային ժողովին մէջ ընդդիմութիւն կազմելու տարածութիւնն է, որ նուազագոյնի կ՚իջնէ։ Տակաւի՛ն, եթէ նկատի առնենք, որ «Օրինաց երկիր»ն ու «Ժառանգութիւն»ը պոյքոթի ենթարկեցին Ազգային ժողովի նստաշրջանի բացումը, շատ հաւանաբար հանրապետութեան նախագահին անձին նկատմամբ դիրքորոշման դրդապատճառով նաեւ, կարծես յաջորդ ութ ամիսներուն անցնող չորս տարիներու նոյն դիպաշարն (scenario) էր, որ պիտի շարունակուէր։
Սերժ Սարգսեանի համար շատ հաւանաբար իտէալ պիտի ըլլար այս դիպաշարը պահել յաջորդ հինգ տարիներուն համար ալ, եւ այդպէս ալ կրնար ըլլալ, եթէ Դաշնակցութիւնը չպնդէր սեփական թեկնածուով ընտրութիւններուն ներկայանալու իր որոշումին վրայ։ Այդ ժամանակաշրջանին վրայ ձգուող նման դիպաշար մը այլեւս կը վերածուի գրեթէ համակարգի եւ ծնունդ կու տայ քաղաքական յատուկ մշակոյթի մը, ուր միակ կուսակցութիւն մը, կամ լաւագոյն պարագային երկու, տէ ֆաքթօ կը վերածուին սթաթուս քուօ-ի պահապաններու՝ միաժամանակ պահելով ժողովրդավարութեան ձեւականութիւնը։ Սթաթուս քուօ-ով այստեղ պէտք է հասկցուի քաղաքական եւ տնտեսական հասարակարգին վրայ տիրապետող հատուածի շահերու յարատեւում։ Մեքսիքօն մինչեւ 2000ին Վիսենթէ Ֆոքսի ընտրութիւնը նման քաղաքական մշակոյթի մը գերագոյն բնորդն էր։ Բայց կարելի է նաեւ մտածել Քոլոմպիայի մասին, ուր մինչեւ այսօր երկու կուսակցութիւն փոխաբերաբար այդ դերը կը ստանձնեն, կամ բերել Վենեզուէլլայի օրինակը մինչեւ 1998, երբ ի յայտ եկաւ Հիւկօ Չաւէզի երեւոյթը եւ ժողովրդավարաբար յեղափոխեց հասարակարգը։ Հայաստանի մէջ այդ քաղաքական մշակոյթը կրնայ ձեւաւորուիլ իշխանութեան այս յատուկ երրեակի բնորդով, ուր անկախ անկէ, թէ համաձայնական կառավարութիւն կը կազմուի թէ ոչ, կամ անկախ անկէ, թէ համաձայնական կառավարութիւնը երկո՞ւ, թէ երեք կուսակցութենէ կը բաղկանայ, կառավարական համակարգը միշտ ալ կը յատկանշուի համաձայնութեամբ մը, որ իրողաբար առնուազն կը դժուարացնէ իշխանութիւններու բաժանումով փոխադարձ վերահսկողութեան կարելիութիւնը՝ անհրաժեշտութիւն մը, ինչպէս ծանօթ է, ամէն ժողովրդավար վարչակարգի առողջութեան համար։ Արդիւնքով՝ հասարակութիւնը կրնայ հասնիլ այն եզրակացութեան, որ ընտրութիւնները Քոքա Քոլայի ու Փեփսի Քոլայի միջեւ են…
Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակը տակաւին այդ վտանգաւոր դարձուածքը չէ առած։ Րաֆֆի Յովհաննէսեան արթուն եւ խելացի գտնուեցաւ ընտրական իր յաջողութեան քաղաքական դրամագլուխը չվատնելու իմաստով։ Թերեւս մինչեւ իսկ անցնող չորս տարիներու ընդդիմութեան ապիկարութիւնը դաս եղաւ իրեն՝ օրէնսդիր իշխանութեան ոլորտը որպէս քաղաքական աշխատանքի դաշտ չանտեսելու համար։ Այս իմաստով ան նոյնիսկ բարոյապէս աւելի բարձր դիրքի վրայ կրնայ գտնուիլ այն իմաստով, որ ժողովրդավարութեան համար էական այդ հաստատութեան (այսինքն իր կուսակցութեան տրուած քուէն) հանդէպ աւելի յարգալից վերաբերմունք ցոյց տալով։ Եւ եթէ «Ժառանգութիւն»ը ի վերջոյ աւելի է, քան իր հիմնադիրին ու առաջնորդին անձնական ծրագիրը՝ հասնիլ նախագահութեան, դժուար չէ նախատեսել, որ ան փորձէ իր ընտրական յաջողութեան վրայ կառուցել ազատականութեան բանբեր հանդիսացող քաղաքական ուժ մը։ Աւելի յաջողութիւն պիտի ունենա՞յ, քան անցեալի ընդդիմութեան բեկորները, որոնք այդ մասին բարձր ձայնով, այսինքն՝ մամլոյ ասուլիսներու ընթացքին կը մտածեն խորհրդարանէն դուրս եւ ի հետեւանք իրենց ջախջախիչ պարտութեան։ Հետաքրքիր է մտածել, թէ ի՛նչ ձեւ ու բովանդակութիւն կրնայ ունենալ հայկական միջավայրի մէջ ինքզինք հաստատել ուզող ազատականութիւն մը՝ որպէս արժէքաբանական համակարգ։ Եւ արդեօ՞ք անոր անունով խօսողները յանձնառու են այն արժէքներուն, որոնք ազատականութիւնը, որպէս քաղաքական հասարակարգ կը տարբերեն պահպանողականութենէ, որուն հետամուտ է եւ արդէն այդ ուղղութեամբ որոշ ուղի ընտրած է Հանրապետականը։ Թէ՞, քանի որ ի վերջոյ ազատականութիւնն ու պահպանողականութիւնը զարգացած երկիրներու մէջ տնտեսական հասարակարգի իմաստով միեւնոյն՝ ազատ շուկայական համակարգի պաշտպաններն են, հայաստանեան ոլորտին մէջ ազատական կը կոչուին պարզապէս ազատ շուկայական գաղափարախօսութեան այն հետեւորդները, որոնք կ՚ուզեն պահպանողականութեան յարող ազգայնական հանրապետականները իշխանութենէ հեռացնել՝ իրենց սեփական տնտեսական շահերուն առկայ արգելքները վերացնելու համար։
Իշխանութեան գլուխ գտնուող քաղաքական գլխաւոր ուժին ու կարողական ընդդիմութեան մը այս նոյնացումը, տնտեսական հասարակարգի հարթակին վրայ, կարեւոր տարածութիւն մը կը ստեղծէ սոցիալ-դեմոկրատական այլըտրանքին համար, այն՝ որ արժէքներու մասին խօսելու ժամանակ կը ներառէ ընկերային արդարութիւնը, հարստութեան հաւասար պայմաններու ստեղծումը եւ ազատ շուկայի ու անոր համաշխարհային տէրերու քմահաճոյքին չի ձգեր հասարակութեան ու մարդ անհատի զարգացման համար այնքան կարեւոր հիմնադրոյթներ, ինչպիսին են կրթութիւնը, հանրային առողջապահութիւնը, ընկերային պաշտպանուածութիւնը։ Այլ խօսքով, սոցիալ-դեմոկրատական այլընտրանքը միակն է, որ տնտեսական սթաթուս քուօ-ն հարցականի տակ կը դնէ, եւ, ուշ թէ կանուխ ինքզինք արտայայտելու համար անհրաժեշտաբար պէտք է կառուցէ առողջ ընդդիմութեան իր տարածութիւնը թէ՛ օրէնսդիր մակարդակով եւ թէ հասարակական զօրաշարժի ճամբով։ Այդ հեռանկարն է նաեւ, որ լուրջ խոչընդոտ կը հանդիսանայ սթաթուս քուօ-ական կառավարման համաձայնութիւններու քաղաքական մշակոյթի հաստատագրման։
Այս չի նշանակեր, որ Հայաստանի, եւ ընդհանրապէս հայութեան, քաղաքական կացութիւնը ազգային համաձայնութեան կարիք չունի։ Կամ ազգային համաձայնութիւնները ժողովրդավարութեան ամրապնդման մեքանիզմներ չեն։ Ընդհակառա՛կը, Սպանիոյ մէջ բռնատէր Ֆրանքոյի մահէն յետոյ ժողովրդավար համակարգը հաստատուեցաւ, ամրապնդուեցաւ եւ յարաբերաբար շատ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ չէզոքացուց չորս տասնամեակ երկրին վրայ տիրապետած ֆաշիզմի քաղաքական մշակոյթը, շնորհիւ կուսակցութիւններու միջեւ գոյացած Մոնքլոյայի համաձայնութեան, որ ստեղծեց քաղաքական գործընթացի հասարակաց յայտարարներ։ Ազգային համաձայնութեան այլ բնորդ մըն է Չիլիի Քոնսենթրասիոնը, որ երկիրը դուրս բերաւ Փինոշէի բռնատիրութենէն։ Այս բնորդներուն քաջածանօթ քաղաքական գործիչներ անկախութեան ստեղծման առաջին օրերուն իսկ առաջարկ բերին նմանօրինակ ազգային համաձայնութեան մը յանգելու անհրաժեշտութիւնը, որուն խուլ ականջ եղան օրուան իշխանութիւնները, որոնք աւելի շահագրգռուած էին սեփականաշնորհման ալան-թալանով։ Եւ հակառակ 1998էն յետոյ առնուազն արտաքին քաղաքականութեան մէջ որոշ հասարակաց յայտարարներու ըստ երեւոյթին կազմաւորման, յատկապէս՝ Արցախի եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցերով, ազգային համաձայնութիւն տակաւին գոյութիւն չունի հայ քաղաքական ուժերուն միջեւ։ Ի մասնաւորի՝ չկայ քաղաքական տարածադաշտը Հայաստանի հողային-սահմանային սահմանափակումէն դուրս բերելու եւ Սփիւռքի ռէալ ներգրաւումով անոր համահայկական տարողութիւն տալու նախանձախնդրութիւն։
Երանի 2008էն յետոյ, երբ իցիւ թէ Հայաստանի քաղաքական գործընթացը ժողովրդավար հասարակարգի ոլորտին մէջ, իշխանութիւն-ընդդիմութիւն բնական հուն մտնէ թէ՛ կառավարման համակարգի, եւ թէ հասարակական շրջանակներու զոյգ մակարդակներով, կարելի ըլլայ համահայկական տարողութեամբ ազգային համաձայնութեան մը հասնելու քաղաքական մշակոյթ առաջացնել։