
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, հոգեւորականաց դասը, Կրօնական ժողովը, Ազգային վարչութիւնը եւ Ազգային առաջնորդարանի անձնակազմը խոր ցաւով կը գուժեն Հուրիկ Ֆուռնուզեանի անժամանակ մահը, որ պատահեցաւ յետ երկարատեւ հիւանդութեան, Շաբաթ, 23 Սեպտեմբերին:
Հուրիկը շուրջ 25 տարիներ անձնուիրաբար պաշտօնավարած է Ազգային առաջնորդարանին մէջ, իբրեւ Ուսումնական խորհուրդի վարիչ քարտուղար, «Եկեղեցին Հայկական» կիրակնօրեայ կրօնական յայտագիրի հաղորդավար եւ քարտուղարուհի:
Այս տխուր առիթով, ցաւակցութիւն կը յայտնենք անոր ամուսնոյն՝ Մինասին, զաւակներուն՝ Շանթին եւ Թամարին, թոռան՝ Քիանային, անոնց ընտանիքներուն, հարազատներուն, ընկերներուն ու բարեկամներուն:
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ