
Ֆերահեան Ազգային վարժարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմն ու հոգաբարձութիւնը կը գուժեն վաստակաւոր ուսուցչուհի եւ գրադրանապետ՝ Հուրիկ Ռիթա Տէմիրճեանի մահը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ, 22 Սեպտեմբեր 2023ին։
Հուրիկը Ֆերահեան Ազգային վարժարանին մէջ պաշտօնավարած է 1987էն սկսեալ՝ իբրեւ գրադարանի օգնական, ապա միջոցներու տնօրէն եւ գրադարանապետ։ Ան տարիներով եղած է Model UN-ի համակարգողը եւ այցելած Ճափոն եւ Հոլանտայի Լա Հէյ քաղաքը՝ վարժարանի միջազգային ծրագիրներուն զարգացման համար։
Ան եղած է «Արմէնզ»ի նուիրեալ երկրպագու՝ առանց որեւէ խաղ փախցնելու։
Այս տխուր առիթով, ցաւակցութիւն կը յայտնենք հանգուցեալի ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ՖԵՐԱՀԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ, ՈՒՍՈՒՑՉԱԿԱՆ ԿԱԶՄ ԵՒ ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ