
ՀՈՒՐԻԿ (ՄԻՆԱՍԵԱՆ) ՖՈՒՌՆՈՒԶԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 9 Նոյեմբեր 1957ին)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ կնոջ, մօր, քրոջ, մեծ մօր, քրոջ դստեր եւ հարազատին՝ Հուրիկ (Մինասեան) Ֆուռնուզեանի մահը, որ պատահեցաւ Շաբաթ 23 Սեպտեմբեր 2023ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Երեքշաբթի, 10 Հոկտեմբեր 2023ին, կէսօրէն ետք ժամը 2։30ին, Hollywood Hills Forest գերեզմանատան Old North Church մատրան մէջ, ապա թաղումը՝ նոյն գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Ամուսինը՝ Մինաս Ֆուռնուզեան
Զաւակը՝ Շանթ եւ Սօֆիա Ֆուռնուզեան եւ դուստրը՝ Քիաննա
Դուստրը՝ Թամար եւ Ժան-Միքայէլ Կարապետեան
Եղբայրը՝ Վարուժան եւ Աղաւնի Մինասեան (Հայաստան)
Եղբայրը՝ Հրաչ եւ Նորա Մինասեան
Եղբօր զաւակը՝ Արմանտ Մինասեան
Մօրեղբայրը՝ Տիգրան եւ Նելլի Մինասեան եւ զաւակները (Նիւ Եորք)
Մօրեղբայրը՝ Լեւոն եւ Տիանա Մինասեան եւ զաւակները (Նիւ Ճըրզի)
Մօրեղբայրը՝ Սթիւ եւ Սեդա Մինասեան եւ զաւակները
Հօրաքրոջ զաւակը՝ Գրիգոր եւ Մարգրիտ Հալլաճեան եւ զաւակները (Վիեննա)
Րաֆֆի Ֆուռնուզեան
Շահէ եւ Անի Կարապետեան եւ զաւակները (Լիբանան)
Արամ եւ Սոնա Արսլանեան եւ զաւակները
Պերճ եւ Փառանձեմ Կարապետեան եւ զաւակները
Եւ համայն Ֆուռնուզեան, Մինասեան, Կարապետեան, Պետոյեան, Գայսէրեան, Արիեան, Տոսթումեան, Հալլաճեան, Պալըքճեան, Յարութիւնեան, Ազնաւորեան, Մուրատեան, Ալպարեան, Քէօշկէրեան, Պեհզատի, Գրիգորեան, Եափուճեան, Դանիէլեան, Աֆարեան, Նիանկ եւ Տեփոյեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները:
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Code 3 Angels, Hourig Fournouzian Memorial Fund-ին, 49 W. Sierra Madre Blvd., Sierra Madre, CA 91024։
ՀՈՒՐԻԿ ՖՈՒՌՆՈՒԶԵԱՆի՝ «Հորիզոն» պատկերասփիւռի երկար տարիներու նախկին խօսնակին եւ «Ասպարէզ» օրաթերթին միշտ աջակցողին ու 100ամեակի յանձնախումբի անդամուհիին, մահուան տխուր առիթով, «Հորիզոն»ի տնօրէնութիւնը եւ «Ասպարէզ»ի խմբագրական կազմն ու պաշտօնէութիւնը իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի ամուսնոյն՝ Մինաս Ֆուռնուզեանին, զաւակներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
ՀՈՒՐԻԿ ՖՈՒՌՆՈՒԶԵԱՆի՝ հաւատաւոր գաղափարականին եւ ազգային գործիչին, մահուան տխուր առիթով, ՀՅԴ «Զաւարեան» կոմիտէութեան ընկեր-ընկերուհիները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի ամուսնոյն, զաւակներուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։