
ՀՈՒՐԻԿ ՌԻԹԱ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ քրոջ, հօրաքրոջ եւ հարազատին՝ Հուրիկ Ռիթա Տէմիրճեանի մահը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ, 22 Սեպտեմբեր 2023ին։
Հանգուցեալի հոգւոյն համար հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Շաբաթ, 7 Հոկտեմբեր 2023ին, առաւօտեան ժամը 10ին, Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, 5300 White Oak Ave., Encino:
Սգակիրներ՝
Եղբայրը՝ Մանուկ եւ Հայկօ Տէմիրճեան
Քոյրը՝ Նայիրի (Տէմիրճեան) Տիշի եւ Ալէն Տիշի
Եղբօր կինը՝ Մատօ Տէմիրճեան
Եղբօր զաւակը՝ Սեւակ եւ Թանիա Տէմիրճեան եւ զաւակները
Եղբօր զաւակը՝ Քրիս եւ Ալիտա Տէմիրճեան եւ զաւակները
Եղբօր զաւակը՝ Վիգէն եւ Լօրի Տէմիրճեան եւ զաւակները
Եղբօր զաւակը՝ Սերուժ եւ Մարինա Տէմիրճեան եւ զաւակները
Եւ համայն Տէմիրճեան, Մուրատեան, Ճանճիկեան, Վարդապետեան, Փոմաքեան, Մատէնլեան, Արսլանեան, Քէօլէեան, Տէրտէրեան, Չէօրէքճեան եւ Պզտիկեան ընտանիքները, հարազատները եւ Ֆերահեան Ազգային վարժարանի «Արմէնզ»ի մեծ ընտանիքը:
Հոգեհանգստեան պաշտօնէն ետք հոգեսուրճ պիտի մատուցուի «Աւետիսեան» սրահին մէջ
Հանգուցեալը միշտ զօրակցած է Ֆերահեան Ազգային վարժարանի «Արմէնզ» մարզական բաժանմունքին եւ եղած է անոր աշխատանքներուն մնայուն քաջալերողը։
Անոր յիշատակին՝ նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Ֆերահեան Ազգային վարժարանին (Holy Martyrs Ferrahian Armenian School)։