Երեւան խստօրէն դատապարտեց Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի ղեկավարներուն` Արկադի Ղուկասեանի, Բակօ Սահակեանի, Արայիկ Յարութիւնեանի, Դաւիթ Իշխանեանի, Ռուբէն Վարդանեանի եւ այլոց ձերբակալութիւնները:
Այս առիթով հրապարակուած յայտարարութեան մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը շեշտէ, որ Ատրպէյճանի իրաւապահ մարմինները կը շարունակեն կամայական ձերբակալութիւնները` հակառակ Արցախի ներկայացուցիչներուն հետ երկխօսութեան, հայերու իրաւունքները յարգելու եւ պաշտպանելու անոնց վերադարձը Արցախ չխոչընդոտելու պատրաստակամութեան, տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման վերաբերեալ Ատրպէյճանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու յայտարարութիւններուն:
«(Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը) Կը ձեռնարկի բոլոր հնարաւոր քայլերն ապօրինաբար ձերբակալուած ԼՂ ներկայացուցիչների իրաւունքները միջազգային, այդ թւում` դատական ատեաններում պաշտպանելու համար, նաեւ կոչ է անում միջազգային գործընկերներին` հետամուտ լինել մինչ օրս Ադրբեջանին ուղղուած բոլոր` ԼՂ ժողովրդի իրաւունքների եւ անվտանգութեան պաշտպանութեան վերաբերեալ իրենց ուղերձներին եւ խնդիրը հասցէագրել թէ՛ Ադրբեջանի հետ երկկողմ յարաբերութիւնների տիրոյթում, թէ՛ տարբեր միջազգային ատեաններում», յայտարարեց Երեւան:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պատասխանեց Հայաստանի յայտարարութեան՝ նշելով, թէ Հայաստան շահագրգռուած չէ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեամբ եւ յարաբերութիւններու կարգաւորումով։
Պաքու անընդունելի կը նկատէ Լեռնային Ղարաբաղի նախկին ղեկավարներու ձերբակալութեան վերաբերեալ իր գործողութիւններուն օրինականութիւնը կասկածի տակ դնելը: «Մենք խստօրէն կը դատապարտենք Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը, որ ցոյց կու տայ, թէ Հայաստան չի հրաժարիր Ատրպէյճանի դէմ տասնամեակներ շարունակ գործադրուած յարձակողական քաղաքականութենէն եւ գործողութիւններէն: Այս յայտարարութեամբ նաեւ փորձ կը կատարուի արդարացնել ձերբակալուածներուն գործողութիւնները: Այդ անձերուն ձերբակալութիւնը Ատրպէյճանի դէմ յարձակումի, անջատողականութեան խթանման, ահաբեկչական գործողութիւններու, մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններ կատարելու վերաբերեալ քրէական գործի ծիրին մէջ կը ծառայէ արդարութեան վերականգնման, եւ այդ քայլերուն օրինականութիւնը կասկածի տակ դնելը անընդունելի է», ըստ «Էյ.Փի.Էյ.» գործակալութեան, կը նշուի Պաքուի յայտարարութեան մէջ:
Պաքու կ՛աւելցնէ, որ՝ «հազարաւոր հայ զինուորականներ եւ անօրինական զինուած խմբաւորումներու անդամներ, որոնք կամաւորաբար համաձայնեցան վար դնել իրենց զէնքերը, ազատ արձակուեցան եւ անարգել մեկնեցան Հայաստան»:
«Շարունակելով Պաքուի դէմ «անհիմն» հայցեր ներկայացնել դատարաններուն մէջ, որոնց կարգին Արդարադատութեան միջազգային դատարանին մէջ, Հայաստան ցոյց կու տայ, որ «հետաքրքրուած չէ խաղաղութեամբ եւ Ադրբեջանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացով», կը նշուի նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
«Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով Յարութիւնեանի փաստաբան Ալով Սաֆարալիեւը՝ տեղեկացուց, որ Պաքուի մէջ հարցաքննուած է Արցախի նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան։
«Այսօր ես իբրեւ պաշտպան, ներկայ եղայ Յարութիւնեանի հարցաքննութեան: Անոր պաշտպանութիւնը պիտի իրականացուի Ատրպէյճանի օրէնսդրութեան եւ միջազգային ուխտերու պահանջներուն համապատասխան», ըսաւ փաստաբանը:
Իր կարգին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ Մոսկուա ոչ մէկ դիմում ստացած է Պաքուի մէջ ձերբակալուած Լեռնային Ղարաբաղի նախկին ղեկավարներու ազատ արձակման եւ Հայաստան վերադարձին վերաբերեալ: «Առաջին հերթին պէտք է յիշել, որ Ղարաբաղի նախկին ղեկավարները Հայաստանի քաղաքացիներ են. անոնցմէ մէկը ռուսական քաղաքացիութենէն հրաժարեցաւ, միւսը ի սկզբանէ միայն հայկական քաղաքացիութիւն ունեցած է: Այսօրուան դրութեամբ անոնցմէ ոչ մէկը Ռուսիոյ քաղաքացիութիւն ունի», յայտարարեց Զախարովա: