Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետներ Ֆրենք Փալոն, Ճիմ Քոսթա եւ Պրետ Շըրմըն, ինչպէս նաեւ խումբ մը այլ քոնկրեսականներ նամակով մը դիմեցին արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընին եւ Միջազգային զարգացման գործակալութեան վարիչ Սըմենթա Փաուըրին, անմիջական քայլեր պահանջելով Հայաստանի ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար եւ ազդարարելով, որ Արցախի հայաթափումէն ետք, Հայաստան կրնայ Պաքուի յարձակումներուն յաջորդ թիրախը դառնալ։
Նամակին մէջ կը շեշտուի, որ Հայաստանին ռազմական աջակցութիւններ պէտք է տրամադրուին եւ աշխատանք պէտք է տարուի Հայաստանի մէջ միջազգային խաղաղապահ ուժ մը հաստատելու համար՝ կասեցնելու ատրպէյճանական հաւանական ներխուժումը։
Քոնկրեսականները նաեւ Պաքուի դէմ շարք մը պատժական քայլերու դիմելու կոչ կ՛ընեն եւ կը պահանջեն, որ Ատրպէյճանին տրամադրուելիք ռազմական աջակցութիւնները կասեցուին։

Անոնք նաեւ Հայաստանին յաւելեալ տնտեսական աջակցութիւն տրամադրելու եւ Արցախի բանտարկուած ղեկավարներուն եւ բոլոր հայ գերիներուն ազատ արձակումը ապահովելու ջանքեր կը պահանջեն։
Աւելի կանուխ, խումբ մը քոնկրեսականներ եւ մարդկային իրաւանց կազմակերպութիւններ ներկայացուցիչներ, առաջնորդութեամբ Շըրմընի, Քոնկրեսի շէնքին առջեւ մամլոյ ասուլիս մը կազմակերպած էին՝ դատապարտելու համար Արցախի մէջ տեղի ունեցած ցեղային զտումը եւ պահանջած էին, որ նախագահ Պայտընի վարչակազմը պատժական քայլեր որդեգրէ Պաքուի դէմ։