Պրիւքսէլի հանդիպման նախապատրաստական աշխատանքներու ծիրին մէջ, Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլ հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:
Ալիեւ յիշեցուց 8 գիւղերուն մասին` շեշտելով. «Անոնք տակաւին կը գտնուին Հայաստանի բռնագրաւման տակ», ապա ընդգծեց «զանոնք ազատագրելու կարեւորութիւնը»:
«Էքս»ի իր էջին վրայ Միշել գրած է, որ Ալիեւին փոխանցած է Եւրոպական Միութեան հաւատարմութիւնը՝ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին: «Կրկնեցի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան փոխադարձ յարգանքի եւ սահմաններու սահմանազատման ուղղութեամբ յառաջընթացի անհրաժեշտութիւնը: Ընդգծեցի նաեւ Ղարաբաղի հայերուն ապահովութիւնը եւ իրաւունքները երկարաժամկէտ հեռանկարի մէջ ապահովելու անհրաժեշտութիւնը», գրած է Միշէլ:
Ատրպէյճանական «Թուրան» գործակալութիւնը, վկայակոչելով Ատրպէյճանի նախագահի գրասենեակը՝ յայտարարեց, որ հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին Ալիեւ անդրադարձաւ Եւրոպական խորհրդարանին ընդունած բանաձեւին՝ զայն համարելով` «հակաատրպէյճանական», շեշտելով, որ անոր մէջ ներառուած են պնդումներ, որոնք «անընդունելի» են եւ «չեն ծառայեր տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման»:
Կրանատիայի մէջ ընդունուած քառակողմանի յայտարարութեան վերաբերեալ ընդգծուեցաւ, որ Ատրպէյճան չմասնակցեցաւ անոր, Ալիեւ ըսաւ, որ հետեւաբար անիկա «սխալ մօտեցում է»:
Ալիեւ միաժամանակ շեշտեց, որ Պաքու չմասնակցեցաւ այդ հանդիպման` «Ֆրանսայի կողմնակալ դիրքորոշման պատճառով»: Ան նաեւ նշեց, որ Ֆրանսայի կողմէ Հայաստանին զէնք տրամադրելու մօտեցումը կը ծառայէ ոչ թէ խաղաղութեան, այլ նոր հակամարտութեան: «Իսկ եթէ տարածաշրջանին մէջ նորէն հակամարտութիւն սկսի, մեղաւորը Ֆրանսան պիտի ըլլայ», շեշտեց Ալիեւ:
Ալիեւ աւելցուց, որ աշխատանքներ կը տարուին Ատրպէյճանի եւ Իրանի միջեւ տարածաշրջանային երթեւեկի հաղորդակցութեան միջանցք ստեղծելու ուղղութեամբ:
Ասոր զուգահեռ, «Թրենտ»ը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութեան մը միջոցաւ յայտնեց, թէ՝ «Եւրոպական խորհրդարանի 5 Հոկտեմբերի հակաատրպէյճանական բանաձեւը անպատասխանատուութեան, կողմնակալութեան եւ տգիտութեան օրինակ է»:
«Մենք կը դատապարտենք այդ բանաձեւը, որ հիմնուած է մեր երկրին դէմ տրամադրուած խումբ մը ամբոխավար պատգամաւորներու հեռատորաբանութեան վրայ. անոնք երկար տարիներ որոշումներ որդեգրած են Թուրքիոյ դէմ եւ ներկայացուցած են անխոհեմ մեղադրանքներ եւ պահանջներ», կ՛ըսուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ:
Նախարարութիւնը կը պնդէ, որ Թուրքիա «աշխոյժ ջանքեր կը գործադրէ Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութիւն եւ բարգաւաճում հաստատելու եւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար»: