Պրիւքսէլի մէջ գործող միջազգային յարաբերութիւններու վերլուծման կեդրոն «Ինթըրնէյշընըլ քրայզիս կրուփ»ի վերջին հրապարակումը դրականօրէն կը գնահատէ Թուրքիոյ մէջ իսլամական Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան խորհրդարանական վերջին ընտրութիւններուն արձանագրած լայն յաղթանակը, որ կը նկատէ «պատեհ առիթ՝ անդամակցութեան հոլովոյթը վերաշխուժացնելու։ Փաստաթուղթին անդրադարձող Թոմաս Ֆերենսզիի «Թուրքեր, ճիգ մը եւս» յօդուածը ֆրանսական «Լը Մոնտ» թերթի 20 Սեպտեմբեր 2007ի համարին մէջ կը մէջբերէ մասնաւորաբար եւրոպական ոչ-կառավարական կազմակերպութեան վերլուծումի եզրակացութեան. «Եւրոպան ոչինչ ունի կորսնցնելիք, ամէն ինչ ունի շահելու համար, Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան նոր կառավարութեան ձեռք երկարելու եւ օգնելու, որպէսզի Թուրքիան գտնէ իր եւրոպական թափը»:
Նոյն կարծիքին է նաեւ Նիքլըս Պըրնզ, ԱՄՆի Պետական ենթաքարտուղարը, որ հրապարակային կերպով կ՚ընդդիմանայ Քոնկրէսի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման օրէնքի անցկացման։ Ըստ իրեն, Անգարա կը գտնուի «պատմական անկիւնադարձի մը առջեւ» եւ անհրաժեշտ է, որ այդ պատեհ առիթը օգտագործէ իրականացնելու համար քաղաքական եւ տնտեսական անհրաժեշտ բարեկարգումներ, «որոնք երկիրը պիտի խարսխեն եւրոպական համայքին մէջ, եւ որոնք պիտի աւելցնեն իր կարողութիւնը՝ ներշնչելու բարեկարգիչներ Թուրքիայէն անդին, այն երկիրներուն մէջ, որ այսօր ամբողջատիրական են եւ որոնք, կը յուսանք, ապագային քիչ մը աւելի պիտի ժողովրդավարանան»: Պըրնզի եւ Ուաշինկթընի նպատակը յստակ է. արագացնել Թուրքիոյ անդամակցութիւնը Եւրոպական միութեան։ Նման նախանձախնդրութիւն ԱՄՆի համար առնուազն երկու աշխարհաքաղաքական հեռանկար կը հետապնդէ. Եւրոպական միութենէն ներս ունենալ երկրորդ հաւատարիմ դաշնակից մը (առաջինը, բնականաբար, Մեծն Բրիտանիան է ի հետեւում՝ դեռեւս 1946ին Չըրչիլի կտակած «յատուկ յարաբերութեան» աւանդական պահպանման), եւ Թուրքիոյ օրինակով քաջալերել չափաւորականները իսլամական աշխարհին մէջ բարեկարգումներու առաջացման համար։ Այս հեռանկարէն Պըրնզ անխուսափելիօրէն դուրս կը ձգէ երկու մանրամասնութիւն։ Ի տարբերութիւն Մեծն Բրիտանիոյ, ուր պատմականօրէն հակա-ԱՄՆ տրամադրութիւնները աննշան եղած են, թրքական հանրային կարծիքը, ի մասնաւորի Իրաքի գրաւման շարունակման լոյսին տակ, կը շարունակէ մնալ հակա-ԱՄՆ։ Ինչ կը վերաբերի Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ընդմէջէն իսլամական աշխարհի մէջ բարեկարգումներու մղիչ շարժակ մը տեսնելու նախանձախնդրութիւնը առնուազն գրաւ մըն է, որուն արդիւնքը դեռեւս յայտնի չէ։
Ոչ «Ինթըրնէյշընըլ քրայզիս կրուփ»ը, եւ նուազ՝ Պըրնզ, հետաքրքրուած են, անշուշտ, եւրոպացիներու կարծիքով։ Ֆերենսզի, սակայն, իր յօդուածին մէջ կը նշէ Քաթինքա Պարիշչի հաստատումը բրիտանական «Սենթըր ֆոր եուրոփիըն ռիֆորմ»ի հրապարակած մէկ ակնարկին մէջ, ընդ որում Թուրքիոյ պատկերը Եւրոպայի մէջ լաւ չէ։ «Լը Մոնտ»ի յօդուածագիրը սկզբունքով կ՚ողջունէ թրքական ժողովրդավարացումն ու Եւրոպական միութեան անդամակցութեան հեռանկարը, սակայն այն կարծիքին է, որ հիմնականին մէջ Թուրքիան է, որ բարեկարգումի փաստը պէտք է տայ։ Այդ ուղղութեամբ, կը գրէ ան, կիպրական հարցի հանգուցալուծումն ու Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը կրնան ըլլալ այն «կարեւոր նորարար որոշումները», որոնք «Ինթըրնէյշընըլ քրայզիս կրուփ»ը կը թելադրէ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողանի որդեգրել «եւրոպացիներու երեւակայութեան հասնելու համար։ Կարելի է անվարան աւելցնել թրքական քրէական յանցագործութեան 301րդ յօդուածի վերացումը, որ Եւրոպական միութեան պահանջներէն մէկն է։ Ժողովրդավարական նուազագոյն ազատութիւններու ժխտումն իսկ հանդիսացող այդ յօդուածը, որով քրէականօրէն կրնայ հետապնդուիլ թրքականութեան «հայհոյող» ոեւէ մէկը, կը պահանջեն վերցնել նաեւ թուրք ժողովրդավարները՝ բառին ամբողջական իմաստով։ Եաւուզ Պայտար, օրինակի համար, «Զաման»ի 19 Սեպտեմբերի համարին մէջ հարց կու տայ, եթէ իշխող իսլամական կուսակցութեան նախաձեռնութիւնը՝ ազգային ծաւալով սահմանադրական փոփոխութիւններու մասին բանավէճ մը սկսելու մասին կրնայ իրականութիւն ըլլալ «ազատ» բանավէճ մը ունենալու հեռանկարով, երբ 301, 288 եւ 318 յօդուածները դեռեւս կրնան քրէական հետապնդումներու առաջնորդել։
Իրողութիւնը այն է, որ, ինչպէս Անգարայի մօտ «Ռոյթըրզ»ի թղթակից Կարէթ Ճոնզ կը գրէ մամլոյ գործակալութեան 20 Սեպտեմբերին թողարկուած մէկ թղթակցութեան մէջ, Էրտողանի կառավարութեան բարեկարգչական առաջնահերթութիւնը այլ է։ Աւելի՛ն, ըստ նոյն թղթակցութեան մէջ նշուած կարծիքներուն, Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ղեկավարներուն համար բարեկարգումներուն նպատակը եւրոպացիներուն «հաճոյանալ» չէ, իսկ նոր սահմանադրութեան մը ծրագիրը «առայժմ» կը բացառէ թիւ 301 յօդուածին վերացումը։ Անգարայի եւ Եւրոպական միութեան միջեւ զգայուն տարակարծութիւններու յաղթահարման ուղղութեամբ քայլեր սպասելի չեն բանակցութիւններու վերսկսման այս նախօրեակին, այլ՝ դանդաղ յառաջխաղացք զուտ ձեւական խնդիրներու շուրջ։
Այսպէս, երբ Հոկտեմբեր 1ին Թուրքիոյ Ազգային ժողովը վերսկսի իր աշխատանքներուն, օրակարգի վրայ պիտի դրուի սահմանադրական բարեկարգումներու հարցը, որ հիմնական է պետական հիմնարկութիւններու մէջ կիներու գլխաշորի ազատ գործածումին հասնելու համար։ Այդ մասին էր, որ Սեպտեմբերի վերջին շաբթուան ընթացքին հրապարակային կերպով անդրադարձան ե՛ւ վարչապետ Էրտողան, ե՛ւ նորընտրիր նախագահ Ապտալլա Կիւլ, որ Սեպտեմբեր 19ին կը գտնուէր հիւսիսային գրաւեալ Կիպրոս։ Երկու պետական պատասխանատուները հարցը տեղադրեցին «անհատական ազատութիւններ»ու ոլորտին մէջ՝ ըստ երեւոյթին զարմանք պատճառելով քաղաքական դէտերուն, որոնք նման նախաձեռնութիւն չէին սպասեր, ի մասնաւորի երբ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը այդ հարցը չէր արծարծած ընտրապայքարի ժամանակ, ի տարբերութիւն 2002ին, երբ այն առաջնահերթութիւն եղած էր կուսակցութեան պետական քաղաքականութեան օրակարգին վրայ։ Գլխաշորի գործածումը համալսարաններէն ներս պետական հրամանագրով արգիլուեցաւ 1980 Փետրուարի պետական հարուածի ժամանակ, սակայն, ըստ Տնտեսական եւ հասարակական ուսումնասիրութեանց թրքական հիմնարկութեան, 2006ին կատարուած մէկ հարցախոյզի արդիւնքներով Թուրքիոյ բնակչութեան 75 տոկոսը կը զօրակցի արգելքի թեթեւացման, եւ Էրտողան եւ Կիւլ բնականաբար առիթը չեն ուզեր կորսնցնել։ Դժուար պիտի ըլլայ, անշուշտ, քեմալական ամբողջ մեքենայի դէմ պայքարիլ, ի մասնաւորի որ լայիք հասարակութեան կողմնակիցները արդէն ահազանգի մատնուած են։ Քեմալականներու համար գլխաշորի ազատ կրումը համալսարանններէն ներս կրնայ իր կարգին ճնշում բանեցնել լայիք կիներուն վրայ, ինչպէս պատահած է ուրիշ տեղեր։ Չհաշուած այն, որ հեռակայ ապագային ան կրնայ մինչեւ իսկ պարտադրուիլ։
Ժողովրդավար ազատութիւններու տեսակէտէն, պարզ է, իսլամականներու տեսակէտը աւելի համոզիչ է։ Վերջին հաշուով, սկզբունքով արգելքի մը վերացումը հոմանիշ է ազատութեան։ Թէ այդ մէկը իր կարգին կրնայ ապագային վերածուիլ գլխաշոր չկրելու ազատութեան կաշկանդումի՝ համոզիչ հիմնաւորում չի թուիր։ Տրամաբանական այս հարթակին վրայ հասկնալի է թէ որքա՛ն խելացի է իսլամականներու քաղաքական ռազմավարութիւնը, եւ թէ ինչո՛ւ Պրիւքսէլ այլընտրանք չունի բացի իսլամական կառավարութեան զօրակցելու։ Քաղաքական գործընթացները, սակայն, հազուագիւտ կերպով իրենց երեւութական պարզութեամբ կ՚ընթանան։ Իսլամական իր արմատներուն վերադարձող Թուրքիան եւրոպական համակարգին մէջ ունենալու հեռանկարը մտահոգութեան լուրջ պատճառներ ունի եւրոպացիներուն համար։ Կը մնայ, որ այդ մտահոգութիւնները այսօր չեն կրնար վերածուիլ բանական հիմնաւորումներու, որոնք հաշտ ընթանան եւրոպական արժէքային համակարգի յատուկ ճարտասանութեան։ Հետեւաբար, ստեղծուած է այն տպաւորութիւնը, որ քանի որ ժողովրդավարներ են Անգարայի մէջ իշխանութեան վրայ գտնուողները, հետեւաբար իրենց քաղաքական օրակարգը Թուրքիոյ ժողովրդավարացումն է։ Այդ համոզումը կը թուին ունենալ նաեւ հայկական իրականութեան մէջ կարգ մը շրջանակներ՝ անտեսելով իսլամ-ժողովրդավար ընդդէմ քեմալական-ամբողջատիրական այս հաւասարութեան պարզունակութեան թակարդը։
Ժողովրդավար իսլամներու իշխանութեան գլուխ գտնուիլը ինքնին ցուցանիշ չէ Թուրքիոյ ժողովրդավարացման։ Թուրքիոյ անցեալը թէ ներկայի ներքաղաքական հոլովոյթները կը բացայայտեն կրօնականներու եւ քեմալականներու բանավէճէն անդին առկայ ամբողջատիրական հակումներ, որոնք արմատաւորուած են ե՛ւ պետութեան, ե՛ւ հասարակութեան մէջ, եւ քաղաքական լարուածութեան, իմա՝ տագնապի ժամանակներուն կը դրսեւորուին։ Այսպէս, գլխաշոր կրելու ազատութեան հարցը, որքան ալ որ իրական եւ արդար թրքական ոլորտին մէջ, ե՛ւ անոր կողմնակիցներուն ե՛ւ ընդդիմադիրներուն համար երեւութական է, միայն եթէ նկատի ունենանք ազգայնամոլութեան եւ կրօնամոլութեան պարբերական արտայայտութիւնները, որոնց թելերը այս կամ այն ձեւով կը տանին պետական մեքենայի, ի մասնաւորի ուժական կառոյցներու, մասնակցութեան եթէ ոչ ղեկավարութեան։ Տինքի ոճրագործն ու իր մեղսակիցները փառաբանող ազգայնամոլական երգի մը գտած ժողովրդականութիւնը եւ Մալաթիոյ մէջ Աւետարան հրատարակող տպարանի մը գործաւորներու սպանութեան գործին անվտանգութեան մարմիններու մասնակցութեան փաստը անցնող շաբաթներու ընթացքին կու գան փաստելու, թէ որքա՛ն աւելի բարդ է Թուրքիոյ ժողովրդավարացման խնդիրը։ Պայտար իր վերոնշեալ ակնարկին մէջ իրաւամբ կը գրէ, թէ Թուրքիոյ մէջ այսօր «արտայայտութեան ազատութիւնը տակաւին կաշկանդուած է, սակայն ատելավառ խօսքեր ընդհանրապէս անտեսուած են եւ կը մնան անպատժելի»։
Թուրքիոյ ժողովրդավարացման հարցով մասնաւորաբար զգաստ ըլլալու պարտաւորութիւնը ունի հայութիւնը՝ որպէս ազգ եւ որպէս պետութիւն։ Չի նշանակեր բնաւ, որ պէտք է անտեսել թուրք իսկական ժողովրդավարներու պարզած համագործակցութեան ձեռքը, կամ ժողովրդավարացման դոյզն նշոյլները։ Բայց ճիշդ այդ փոքրամասնութեան պայքարին զօրակցելու հրամայականն է, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման հեռանկարով հայութիւնը ե՛ւ որպէս ազգ ե՛ւ որպէս պետութիւն պէտք է անսասան մնայ Թուրքիոյ ժողովրդավարացումն ու Ցեղասպանութեան ճանաչումը իրարու կապող պայմանաւորման վրայ։