
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ այցելեց բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտ, կառավարական շէնքեր եւ լուսանկարուեցաւ Արցախի զինանշանին կողքը: Լուսանկարը տարածուեցաւ ատրպէյճանական «Թելեկրամ»ի ալիքներուն ճամբով:
Ան յայտարարեց, որ բանտարկուած, «այսպէս կոչուած, ղարաբաղեան անջատողկաններու առաջնորդները արժանի պատիժը պիտի կրեն»: Ան վիրաւորական եւ հեգնական մեկնաբանութիւններ հնչեցուց Լեռնային Ղարաբաղի նախկին հայ ղեկավարներուն՝ այսօր Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող Արկադի Ղուկասեանի, Բակօ Սահակեանի եւ Արայիկ Յարութիւնեանի հասցէին:
«Ատրպէյճանի դրօշը կը ծածանի Խանքենդիի (Ստեփանակերտ) մէջ, եւ անիկա պէտք է անոնց համար դաս ըլլայ», ըսաւ Ալիեւ:
Ալիեւ նշեց, որ «ղարաբաղցի անջատբողկանները» երբեք ուշադրութիւն չեն դարձուցած իր նախազգուշացումներուն այն մասին, որ «Ատրպէյճան վաղ թէ ուշ կա՛մ դիւանագիտական, կա՛մ զէնքի ուժով պիտի ազատագրէ Ղարաբաղը»:
«Անոնք կը կարծէին, թէ իմ ըսածներս դատարկ խօսքեր են: Ո՛չ: Բոլոր ըսածներս իրականացուցի, այդ մէկը բոլորը գիտեն, նաեւ՝ Հայաստանի մէջ, եւ թող չմոռնան Հայրենական պատերազմը եւ հակաահաբեկչական միջոցառումները», ըսաւ ան:
Ալիեւ դատապարտեց նաեւ արեւմտեան երկիրները՝ ըսելով, որ երբ հայերը «կը գրաւէին Ատրպէյճանի հողերը, ոչ մէկ երկիր Ատրպէյճանին սատարեց կամ բարոյական աջակցութիւն ցուցաբերեց»:
«Տեսէք, թէ այսօր ո՛ր երկիրները առաւել թշնամաբար տրամադրուած են Ատրպէյճանի դէմ՝ ճիշդ այն երկիրները, որոնք 1992-93 թուականներուն աջակցեցան Հայաստանին, դրդեցին բռնագրաւումը, աջակցեցան բռնագրաւումին ու արդարացուցին զայն, 30 տարի ետք ոչինչ փոխուած է», դիտել տուաւ ան:
Նախապէս հաղորդուած էր, որ Ալիեւ Ստեփանակերտի մէջ բարձրացուցած է Ատրպէյճանի դրօշը եւ խօսք արտասանած, իսկ Արցախի նախագահի նստավայրի շէնքին վրայ տեղադրուած է Ատրպէյճանի զինանշանը:
Բացի այդ, Ալիեւ Ատրպէյճանի դրօշը բարձրացուցած է Մարտակերտ քաղաքի, Սարսանգի ջրամբարի տարածքին, Իվանեանի եւ Ասկերանի մէջ: