Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէն (ԿԽՄԿ) 29 Սեպտեմբերէն 16 Հոկտեմբեր, Արցախի մէջ գտաւ առաւել քան 100 քաղաքացիներ եւ զանոնք տեղափոխեց Հայաստան: ԿԽՄԿի Հայաստանի գրասենեակի հաղորդակցութեան եւ կանխարգիլման ծրագիրներու ղեկավար Զառա Ամատունի «Ազատութեան» յայտնեց, որ Արցախի մէջ կը շարունակուի քաղաքացիներու որոնումը:
Ան ճիշդ տեղեկութիւն չունի այն մասին, որ քանի՛ հարազատներ դիմած են իրենց՝ անյայտ կորսուած իրենց պարագաները գտնելու համար: «Կարծում եմ՝ մօտակայ օրերին կը կարողանանք աւելի յստակ տուեալներ տրամադրել: Խօսքը մի շարք քաղաքացիների մասին է, որոնց հարազատները չեն կարողանում գտնել նաեւ բենզինի պահեստի պայթիւնի հետեւանքով եւ ոչ միայն: Այս պահին կարող եմ ասել, որ ցաւօք, փնտռուող աձնանց թիւը փոքր չէ», աւելցուց Ամատունի:
Ըստ անոր՝ ԿԽՄԿի ներկայացուցիչները նաեւ ուտելիք, ջուր եւ մաքրութեան պարագաներ կը տրամադրէ Արցախի մէջ զանազան պատճառներով մնացած փոքր թիւով անձերուն: Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէն չյստակացուց, թէ քանի՛ անձեր կան: