Վերջերս Երեւան էի։ Բոլորովին պատահաբար ձեռքս անցաւ «Շրջադարձ» անունով ամսաթերթ մը, որու խորագրին ճիշդ տակը գրուած էին վեց անուններ՝ Արգինա, Շէնիկ, Միասնիկեան, Քարակերտ, Դալարիկ, Լեռնագոգ։ Այս անուններուն տակ կը նշուէր, թէ «Շրջադարձ»ը Գիւղերու համայնքային ամսաթերթ է։
Անկեղծօրէն ըսեմ, որ հակառակ բաւական անգամներ Հայաստան գտնուած ըլլալուս, չէի լսած այս գիւղերէն եւ ոչ մէկուն անունը։ Շատ հետաքրքրական էր։ Վեց գիւղեր միացած կը հրատարակէին ամսաթերթ մը, ութ էջերով եւ համակարգչային մաքուր տպագրութեամբ։ Թերթատելէ ետք, տեսայ, թէ այս թերթը իր էջերը յատկացուցած էր վերոյիշեալ վեց գիւղերու բնակիչները հետաքրքրող այժմէական նիւթերու՝ ընկերային, դաստիարակչական, առողջապահական եւ այլ հարցեր։ Հետաքրքրական էր նաեւ կարդալ յայտարարութիւն մը, որ ոչ միայն ուշադրութիւնս գրաւեց, այլեւ մղեց զիս փնտռելու այս հրատարակութեան ետին գտնուողները։ Վերոյիշեալ յայտարարութիւնը կը յայտնէր, թէ թերթը կը հրատարակուի Լեռնագոգ գիւղին մէջ կազմակերպուած «լրագրողական դասընթացքներ»ու հետեւող ուսանողներու կողմէ եւ թէ նախաձեռնութիւնը կը պատականի «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամին։
Դժուար չէր ենթադրութիւններ ընելը։
«Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամ, որ ոչ միայն կը զբաղի մանուկներու բարեկեցութեան ապահովումով, այլեւ կը կազմակերպէ մանուկներու առողջ ու երջանիկ աճման անհրաժեշտ մթնոլորտն ու պայմանները։ Այլ խօսքով՝ ինչ որ անհրաժեշտ է ու կենսական, որպէսզի բնականոն պայմաններու մէջ հասակ առնէ վաղուան մարդը, քաղաքացին, նկատի առնուած է եւ ուսումնասիրուած։
Ահա՛ նման գործունէութիւն ծաւալող կազմակերպութիւն մըն է «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամը (Children of Armenia Fund), որուն աշխատանքներուն արդիւնքը ոչ միայն բաւարարութիւն կը ներշնչէ այցելուին, այլեւ կու տայ վստահութիւնն ու հաւատքը, որ թափուած ճիգ մը՝ երբ մտածուած է, լաւապէս ուսումնասիրուած եւ ծրագրուած, անպայման պիտի տայ իր դրական արդիւնքը, արդիւնք՝ որ եթէ նոյնիսկ անմիջապէս չենք տեսներ լիովին, քանի մը տարիէն անպայման պիտի երեւայ։
Այն մտածումը, որ կը մղէ մեզ վստահ ըլլալու, որ այս գիւղերու երեխաները առիթը պիտի ունենան աւելի լաւ կեանք մը ունենալու՝ կրթութեան, առողջապահութեան եւ վերափոխուած ու յառաջդիմած շրջապատի մը մէջ հասակ առնելու առումներով, արդէն բաւարար է երջանկանալու, որ կան մարդիկ, որոնք կրնան իրենց առօրեան բոլորովին տարբեր ու ճոխ պայմաններու մէջ անցընել, բայց «կը տեսնեն», կ’ապրին ու կը տառապին ի տես այն պայմաններուն, որոնք բոլորովին հեռու են մեր ժամանակներու պահանջները գոհացնելէ։ Եւ անոր համար ալ կը մտածեն, կը ծրագրեն ու գործի կ’անցնին…
Ուզեցի այցելել այդ գիւղերէն առնուազն քանի մը հատը՝ մօտէն ծանօթանալու համար կատարուած աշխատանքին։
***
Արմաւիրի մարզի Բաղրամեան շրջանի վեց գիւղեր են Արգինան, Շէնիկը, Միասնիկեանը, Քարակերտը, Դալարիկը եւ Լեռնագոգը։ Երեւանէն շուրջ մէկ ժամ հեռաւորութեան վրայ գտնուող, նոյնիսկ անոնցմէ մէկը Թուրքիոյ սահմանամերձ, այս գիւղերը առաջին հայեացքով մտածել կու տան, թէ անոնց բնակիչները ինչպէս կը գոհացնեն իրենց կեանքի անհրաժեշտ պայմանները։ Միայարկ տուներ, քանի մը խանութներ, գրեթէ երթեւեկ գոյութիւն չունի այդ գիւղերուն մէջ։ Ընդհանուր՝ չըսելու համար աղքատութեան, այլ ոչ–խանդավառ կեանքի պայմաններու մէջ ապրող գիւղացիներու ամբողջութիւն մը։ Պահ մը մտքով կը փոխադրուիմ Երեւան, ուր կեանքը հետզհետէ կը ծաղկի, ուր ինքնաշարժներու խճողում կայ, ուր շինարարութիւն կայ, ուր գիշերային կեանք կայ։ Իսկ հո՞ս։ Այս գիւղերէն ներս մարդիկ ի՞նչ կ’ընեն, ինչպէ՞ս կ’անցընեն իրենց առօրեան։ Ապագային ի՞նչ պիտի ընեն սա խումբ մը երեխաները, որոնք փողոցը գնդակ կը խաղան այս պահուն։
Հարցումներ՝ զորս կը սկսիմ ուղղել ես ինծի, չհամարձակելով զանոնք ուղղել ընկերակիցներուս, որոնք անշուշտ շատ բան գիտեն այս գիւղերու մասին։ Առաջին հերթին եւ իրարու միջեւ կը խօսին կատարուած աշխատանքներու մասին։ «Տես այս փողոցին մէջ արդէն աղբը հաւաքուած է», կ’ըսէ ընկերակիցներէս այն, որ պատասխանատուն է այս ծրագիրներու գործադրութեան։ Կը սկսիմ մտածել, թէ աղբի հաւաքման հասնելու համար, նախապէս կատարուած պէտք է ըլլան հիմնական այլ աշխատանքներ եւս։ Յանկարծ մեր մօտէն կ’անցնի կապոյտ երթուղային ինքնաշարժ մը։ «Այս ինքնաշարժը մեր ծրագրի վեց գիւղերը իրարու կապող եւ փոխադրութիւններ կատարող երթուղայինն է», կ’ըսեն ընկերակիցներս։ Մտածուած է նաեւ երթեւեկը։
Դաշտերու մօտէն կ’անցնինք։ Խումբ մը գիւղացիներու երգի ձայնը ուշադրութիւնս այդ կողմ կը հրաւիրէ։ Հոն պահ մը կանգ կ’առնենք։ Առւոյտ (կենդանիներու տրուող խոտ է առուոյտը) կը հաւաքեն. «Այս խոտին մշակումը նպաստաւոր է անոր համար, որ տարին երեք անգամ հունձք կու տայ։ Գիւղացին թէ՛ կը վաճառէ այդ խոտը եւ թէ իր կենդանիներուն համար ուտելիք կ’ապահովէ»։ Ասիկա է առուոյտի մշակման բացատրութիւնը։
Եւ այսպէս շարունակելով մեր շրջագայութիւնը, կը տեսնեմ գիւղական համեստ տուներու միջեւ բարձրացած հոյակապ կառոյցներ՝ Քարակերտ գիւղին դպրոցը, ուրիշ մը՝ սպիտակ ու մաքուր միայարկ ընդարձակ բակով շրջապատուած կառոյց մը՝ դարմանատունը, որ կարծէք այս գիւղին «Սպիտակ տուն»ն եմ կ’ըսէ իր կեցուածքով…։ Կ’այցելենք երեխաներու հաճելի ձայներով լեցուն մանկապարտէզը, վերանորոգուած ու ջեռուցման խողովակներով «բեռնաւոր» հսկայ դպրոցը։ Հարիւրաւոր աշակերտներ կը յաճախեն սքանչելիօրէն վերանորոգուած ու կահաւորուած, ջեռուցումով ու հոսող ջուրով օժտուած այս դպրոցը, իսկ բնակիչները՝ իրենց առողջապահութեան առնչուող հարցերը կը լուծեն այս դարմանատան ճամբով կատարուող ծառայութիւններով։ Կը նկատեմ նաեւ, որ նորոգուած ու գեղեցկօրէն աչքի զարնող այդ շինութիւններուն շուրջ քանի մը բնակարանատէրեր նորոգած ու գեղեցկացուցած են իրենց տուները, որոշ դուռներ ու տանիքներ նորոգուած են, քանի մը խանութներ բացուած են։ Կը նշանակէ, թէ ապագայի յոյսը, նոր ծրագիրներ մշակելու եռանդը հետզհետէ հող կը գտնէ գիւղի բնակիչներուն մօտ, որոնք «դեռ քանի մը տարի առաջ կ’որոշէին լքել իրենց գիւղը եւ հեռանալ այդ շրջաններէն», կը բացատրեն ընկերակիցներս։
Շատ բան կայ ըսելիք այս գիւղերէն ներս «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամի կատարած աշխատանքներու եւ տեսնուող արդիւնքներու մասին՝ սկսելով դպրոցներէն, հասնելով առողջապահութեան, տնտեսութեան, գիւղատնտեսութեան, ըմպելի եւ ոռոգման ջուրի հայթայթման, երթեւեկութեան, համակարգիչներու գիւղ մուտքին եւ տակաւին բազմաթիւ այլ հարցերու, որոնք կը կերտեն ու կը պատրաստեն վաղուան մարդը, ապագայ քաղաքացին։
«Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամի ստեղծումի պայմաններուն, միջազգային տարողութեամբ բարերարներու մասնակցութեան, վեց գիւղերու ամէնօրեայ կեանքի ձեւին եւ պայմաններու փոփոխութեան ու բարելաւման եւ բազմաթիւ այլ հարցերու մասին կ’արժէ անդրադառնալ յառաջիկայ այլ գրութիւններով, ընթերցողը հաղորդակից դարձնելու համար այն ապրումներուն եւ զգացումներուն, որ մարդ կ’ունենայ, երբ կ’այցելէ այս գիւղերէն որեւէ մէկը։
Առաջին այցելութեան ձգած խառն ու զիրար հրմշտկող տպաւորութիւններուն տակ, քիչ մը ամէն բանի անդրադարձող այս քանի մը տողերը կ’ուզեմ աւարտել հաստատումով մը, որ կը պատկանի 2006 թուականին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Հայաստան–Սփիւռք երրորդ խորհրդաժողովի զեկուցաբերներէն ու «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամի հիմնադիր եւ նախագահ Կարօ Արմէնին. «Ինչ որ կ’ընենք այս գիւղերուն համար, ողորմութիւն չէ, այլ՝ բարեգործութիւն։ Անօթիին ձուկ չենք տար զինք կերակրելու համար։ Ձկնորսական իրեր կու տանք եւ անոր կը սորվեցնենք ինչպէս ձուկ որսալ։ Մեր գիւղերը պէտքը ունին մեր անմիջական ուշադրութեան եւ մեր անյետաձգելի միջամտութեան։ Այս գիւղերը այցելող սփիւռքահայ երիտասարդ մը չկրցաւ իր արցունքները զսպել, երբ տեսաւ այն դասարանները, ուր կը յաճախեն մեր երեխաները»։
Երեւակայեցէ՜ք…։
Ինչ իրագործումներ եղած են, ինչ ծրագիրներ տակաւին կան իրագործելիք։
Բայց այդ, եւ շատ մը այլ բաներու մասին՝ յաջորդիւ։