Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկին, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 12 Նոյեմբերի երեկոյեան, Լոս Անճելըսի «Օմնի» պանդոկին մէջ, կազմակերպութեան «Լրատուական ոլորտի գերազանցութիւն» մրցանակը պիտի շնորհուի լրագրող Էլինա Աբովեանին, լրատուական մարզին միջոցաւ Հայ Դատը ջատագովելու եւ հայութիւնը մտահոգող հարցերը լուսարձակի տակ առնելու` անոր ջանքերուն համար։
Արցախի հայաթափումին լոյսին տակ քննարկուեցաւ Հայ Դատի տարեկան ձեռնարկը ջնջելու հաւանականութեան մասին, սակայն որոշուեցաւ տեղի չտալ հայութիւնը ընկճելու՝ Պաքուի եւ Անգարայի շարունակական փորձերուն, եւ ձեռնարկը իրականացնել՝ յիշելով անցեալ տարուան ձեռնարկին մեծարուած, իսկ այժմ Պաքուի բանտերէն մէկուն մէջ ապօրինի կերպով բանտարկուած Արցախի այդ օրերու արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանի ոգեշնչող պատգամները։ Նաեւ որոշուեցաւ ձեռնարկին հասոյթէն մաս մը յատկացնել Արցախի ցեղասպանութենէն վերապրողներուն։
Էլինա Աբովեան «Էմի» մրցանակի թեկնածու դարձած լրագրող է, որ ներկայիս Լոս Անճելըսի KTLA 5 պատկերասփիւռի կայանին հաղորդավարներէն մէկն է ։ Ան մասնագիտացած է Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ եւ անցեալին աշխատած է նաեւ CBS, NBC եւ Fox պատկերասփիւռի կայաններուն եւ LA2DAY.com-ի համար։
Հայերէն, անգլերէն, ռուսերէն եւ ֆրանսերէն խօսող Աբովեան ծնած է Հայաստան, սակայն մէկ տարեկանին Միացեալ Նահանգներ արտագաղթած է իր ընտանիքին հետ։ Ան իր ասպարէզին ընթացքին յաճախ անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարին եւ ամերիկահայութիւնը, Հայաստանը ու Արցախը հետաքրքրող հարցերու եւ վերջին մէկ տարուան ընթացքին տարբեր առիթներով լուսարձակի տակ առած էր Արցախի ամբողջական պաշարումը եւ հայաթափումը։ Ան նաեւ նեցուկ կը կանգնի շարք մը հայկական կազմակերպութիւններու գործունէութեան։
«Շրջանիս հայութեան եւ յատկապէս Արցախի վերջին իրադարձութիւններուն մասին Էլինա Աբովեանի հաղորդումները գնահատելի են։ Ան յատկանշական աշխատանք տարած է Հայաստանի եւ Արցախի ապահովութիւնը երաշխաւորելու գործին մէջ, զայն կապելով միջազգային ապահովական վիճակին», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան՝ աւելցնելով, որ ան նաեւ ապագայ լրագրողներու համար հոյակապ օրինակ է։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկին տոմսերէն ապահովելու համար այցելել կայքէջը։