

Հայաստան եւ Ֆրանսա Երկուշաբթի, 23 Հոկրեմբերին ստորագրեցին ռազմական ոլորտին մէջ համագործակցութեան համաձայնագիրներ:
Ըստ Ֆրանսայի զինուած ուժերու նախարար Սեպասթիէն Լըքորնիւի՝ Փարիզ Երեւանին պիտի մատակարարէ երեք GM200 ռատարներ եւ Mistral հրթիռներ: Ըստ կարգ մը պաշտօնեաներու՝ ֆրանսական կողմը նաեւ պիտի օգնէ Հայաստանին՝ իր Զինուած ուժերուն մէջ բարեփոխումներ իրականացնելու:
«Ինչպէս հայ ժողովրդի պատմութեան դժուարին պահերին, այսօր էլ Հայաստանի շուրջ ստեղծուած բարդ ռազմաքաղաքական իրավիճակում՝ Ֆրանսիան եւ ֆրանսիացի ժողովուրդը մեր կողքին է, ինչն արժանի է ամենաբարձր գնահատանքի, ինչի համար նորից եմ շնորհակալ», ըսաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան:
Ան նաեւ յայտնեց, որ ռազմական մատակարարումներու պայմանագիրով կը նախատեսուի ֆրանսական արտադրողներէ որոշ քանակութեամբ սպառազինութեան ձեռքբերում, ինչ որ պիտի նպաստէ Հայաստանի ապահովութիկւնը երաշխաւորելու ջանքերուն: Ֆրանսական կողմին հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ այս համագործակցութիւնը պիտի ամրապնդէ նաեւ Հայաստանի սահմաններուն պաշտպանութիւնը:


Ցարդ յայտնի չէ, թէ այս մատակարարումները ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս Հայաստան պիտի հասնին:
Պապիկեան շեշտեց, որ գործակցութիւնը տեղի պիտի ունենայ քանի մը ուղղութիւններով:
«Այսօր մեր համագործակցութիւնն ընդգրկում է Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած ուժերի պաշտպանական միջոցների արդիականացման, անձնակազմի կրթութեան, նախապատրաստութեան, փորձի փոխանակման, խորհրդատուական աջակցութեան եւ մի շարք այլ ուղղութիւններ, որոնք առաջնահերթութիւն են մեր Զինուած ուժերի համար», ըսաւ Պապիկեան: