
Հայ Օգնութեան Միութեան համահայկական 73րդ Պատգամաւորական ժողովը տեղի ունեցաւ 16էն 20 Հոկտեմբերին, Հայաստանի մէջ:
Ժողովին մասնակցեցան միութեան 12 շրջաններու 11էն՝ 41 պատգամաւորներ, 16 մեկուսիներէ՝ 10 պատգամաւորներ, ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ընթացաւարտ կազմը՝ 11 անդամներ, 11 հիւրեր՝ Արցախէն եւ շրջաններէն, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեան եւ Համազգայինի ներկայացուցիչներ (փոխն ի փոխ)՝ Արտաշէս Շահպազեան եւ Տիգրան Պապիկեան, 66 ունկնդիրներ եւ 5 անձնակազմեր:
Պատգամաւորական ժողովը մանրամասն քննութեան ենթարկեց ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան բազմաճիւղ եւ բազմաթիւ տագնապներով լի՝ 2019-2023 քառամեակի գործունէութիւնը եւ յոյժ գնահատելի նկատեց կատարուած աշխատանքները, յատկապէս այն առումով, որ անոնք գործադրուեցան անբնական պայմաններու մէջ եւ հայութեան համար ճակատագրական փուլին մէջ:
Ժողովը լայնօրէն անդրադարձաւ միութեան յարաբերական, նիւթական, կրթական, խնամատարական, առողջապահական, կազմակերպչական եւ քարոզչական ծրագիրներուն, լուսարձակի տակ առաւ հրատապ հարցերը եւ համապատասխան առաջարկներով ու որոշումներով քայլեր առաջադրեց անոնց շարունակութիւնը երաշխաւորելու եւ յաւելեալ թափ տալու:
ՀՕՄի Համահայկական 73րդ պատգամաւորական ժողովին քննարկումներու, ծրագրաւորումներու եւ մտահոգութեան առանցքը Արցախը եւ իրենց հայրենի հողէն բռնի տեղահանուած արցախահայութիւնն էր: Արդարեւ, համապարփակ կերպով խօսուեցաւ անոնց ծով կարիքներուն մասին, հաստատուեցաւ կարելի ամէն ձեւերով եւ միջոցներով բազմաթիւ տագնապներու դէմ յանդիման կանգնած Արցախի մեր քոյր-եղբայրներուն նեցուկ կանգնելու հրամայականը, ներկայացուեցան ցարդ ձեռնարկուած օժանդակութեան տարբեր ծրագիրները եւ իբրեւ գործնական քայլ, տեղւոյն վրայ կատարուեցաւ արցախահայութեան նուիրուած հանգանակութիւն մը, որուն ընթացքին ցարդ գոյացաւ մօտաւորապէս 500,000 ամերիկեան տոլար միաւորներէն եւ անդամներէն:
Յատկանշական էր, որ Արցախի ՀՕՄականները իրենց վկայութիւններով ժողովը իրազեկ դարձուցին Արցախէն բռնի տեղահանման եւ ներկայիս Հայաստանի զանազան շրջաններու մէջ տարածուած ժողովուրդին ունեցած դժուարութիւններուն մասին: Ժողովականները մանրամասնօրէն ծանօթացան ՀՕՄի Ախուրեանի «Մօր եւ մանկան առողջապահական կեդրոն»ին ծաւալած կարեւոր աշխատանքին, մատուցած առանցքային ծառայութիւններուն, արձանագրած յաջողութիւններուն եւ ներկայ մարտահրաւէրներուն, որոնց կարգին հիմնական է կեդրոնի ընդարձակումը, որուն նպատակով ալ դարձեալ տեղւոյն վրայ կատարուեցաւ հանգանակութիւն, որուն հասոյթը կազմեց 60,000 ամերիկեան տոլար, որպէսզի ներկայ դժուարութիւններու շրջանցումին կարելի ըլլայ շարունակել կեդրոնի գործունէութիւնը:
Վերահաստատուեցաւ արդէն իսկ որդեգրուած ծրագիրները շարունակելու եւ արաւել եւս ընդարձակելու հրամայականը: Լիբանանահայութեան եւ սուրիահայութեան ապրած տագնապալի կացութիւնը անմասն չմնաց ուշադրութենէն ժողովականներուն, որոնք լսեցին հայութեան կարեւոր զարկերակը հանդիսացող այդ գաղութներուն դժուարութիւններուն ու կարիքներուն մասին եւ ունեցան անոնց նեցուկ կանգնելու ձեւերուն վերաբերող համապատասխան քննարկումներ:
Իր հնգօրեայ աշխատանքներուն աւարտին, Ընդհանուր ժողովը ընտրեց 2023-2027 քառամեակի ՀՕՄի նոր Կեդրոնական վարչութիւնը՝ հետեւեալ կազմով.
Արուսեակ Մելքոնեան (Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ)՝ ատենապետ
Թալին Տաղլեան (Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ)՝ փոխատենապետ
Նայիրի Պալանեան (Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ)՝ քարտուղար
Անի Քէշիշեան (Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ)՝ գանձապահ
Իրմա Գասապեան (Արեւելան Միացեալ Նահանգներ)՝ հաշուապահ
Ժարմէն Միրզախանեան (Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ)՝ խորհրդական
Արմինէ Կարապետեան (Գանատա)՝ խորհրդական
Զոյա Քոչարեան (Հայաստան)՝ խորհրդական
Սիրան Ամպարճեան (Միջին Արեւելք, Սուրիա)՝ խորհրդական
Լիզա Չալըգեան-Ժիլիպէր (Եւրոպա, Ֆրանսա)՝ խորհրդական
Նորա Սեւակեան (Աւստրալիա)՝ խորհրդական
21 Հոկտեմբեր 2023
ԴԻՒԱՆ ՀՕՄ-Ի ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 73ՐԴ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ