19էն 22 Հոկտեմբերին, Մխիթարեան միաբանութեան Վենետիկի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային գիտաժողով մը, նուիրուած՝ Ներսէս Շնորհալի հայրապետի վախճանման 850ամեակին։
Այս գիտաժողովին մխիթարեան վարդապետներու կողքին իրենց մասնակցութիւնը բերին մասնագէտներ, որոնք ժամանած էին Հայաստանէն եւ Եւրոպայի զանազան երկիրներէ։
Գիտաժողովին բացումը կատարեց կազմակերպիչ յանձնախումբի նախագահ Սերոբ վրդ. Չամուրլեան, որ իր բարի գալուստի խօսքին մէջ նախ յիշեց Արցախը եւ Հայաստանի մերօրեայ դժուար իրավիճակը, ապա ան խօսեցաւ գիտաժողովի ընթացքին եւ ներկայացումներուն մասին։
Գիտաժողովին ընթացքին, եղան դասախօսութիւններ հոգեկանութեան, երաժշտութեան, եկեղեցական պատմութեան եւ բանասիրութեան մասին։ Գիտաժողովի օրերուն ներկայացուեցան 18 մասնագիտական նիւթեր, որոնք պիտի հրատարակուին «Բազմավէպ»ի 2023ի թիւ 3-4 Բացառիկ հատորին մէջ, նուիրուած՝ Ներսէս Շնորհալիի:
Բացման օրակարգով՝ Մեսրոպ վրդ. Սիւլահեան ընթերցեց Արեւելեան եկեղեցիներու վարչութեան նախագահ կարտինալ Քլաուտիօ Կուճերոթիի գիտաժողովին յղած շնորհաւորական նամակը:
Գիտաժողովի օրերուն, բացումը կատարուեցաւ Ներսէս Շնորհալիի գործերու Մխիթարեան հրատարակութիւններու ցուցադրութեան եւ «Հաւատով Խոստովանիմը Գոյներու Լեզուով» արուեստագէտ Վազգէն Բրուտեանի նկարչական ցուցահանդէսին։
Ուրբաթ երեկոյեան, Մխիթարեան հայրերու երգեցողութեամբ՝ ներկայացուեցաւ Ներսէս Շնորհալիի շարականները՝ Սուրբ Ղազար վանքի աւանդական երգեցողութեամբ։ Իսկ Շաբաթ երեկոյեան, իբրեւ միջազգային աղօթք խաղաղութեան համար՝ «Հաւատով Խոստովանիմ»ի 24 տուները 24 լեզուներով ներկայացուցին Վենետիկի Մեստրէ քաղաքի Ճուզէփփէ Փարինի դպրոցական հիմնարկի, Քա Ֆոսքարի համալսարանի եւ մխիթարեան մեծ ընտանիքի զաւակները։
Կիրակի, 22 Հոկտեմբերին կատարուեցաւ միջազգային գիտաժողովին պաշտօնական փակումը՝ ձայնաւոր Ս. պատարագով, որուն երգեցողութիւնը կատարեց «Էտտէս» խումբը՝ ղեկավարութեամբ Ճուսթին Ռափաչոլիի։