
Արամ Ա. կաթողիկոսին նախաձեռնութեամբ՝ յաջորդական երկու հեռավար նիստեր տեղի ունեցան՝ Արցախի նոր իրավիճակին լոյսին տակ, իրադարձութիւններուն ընդհանուր գնահատականը կատարելու եւ յառաջիկայ աշխատանքներուն ուղենիշերը ճշդելու նպատակով։
Նիստերուն կը մասնակցին Հայաստանէն, Արցախէն, Միացեալ Նահանգներէն, Եւրոպայէն, Հարաւային Ամերիկայէն եւ Միջին Արեւելքէն պատմաբաններ, միջազգային իրաւունքի մասնագէտներ եւ քաղաքագէտներ` Աշոտ Մելքոնեան, Ռուբէն Սաֆրաստեան, Արմէն Մարուքեան, Վահրամ Բալայեան, Վիգէն Չթըրեան, Սիմոն Փայասլեան, Վահրամ Շէմմասեան, Խաչիկ Տէր Ղուկասեան, Նորա Պայրագտարեան, Շահան Գանտահարեան եւ խորհրդակցական նիստերու քարտուղար Ահարոն Շխրտըմեան։
Առաջին նիստը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 12 Հոկտեմբերին, Պէյրութի ժամով երեկոյեան 7էն սկսեալ, իսկ երկրորդը՝ Ուրբաթ, 20 Հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 8ին։
Առաջին նիստը յատկացուած էր Արցախի իրադարձութիւններու պատճառահետեւանքային կացութիւններուն։ Քննարկումներուն ներառուած էին.
ա) Տարածաշրջանային իրադարձութիւններ եւ աշխարհաքաղաքականութիւն.
բ) Բռնատեղահանուածներու իրավիճակ եւ տարբեր պետութիւններու մօտեցումներ եւ մարդասիրական օժանդակութիւններ.
գ) Ռազմագերիներու ու պետական անձնաւորութիւններու ազատ արձակման պահանջներու իրաւական հիմունքներ.
դ) Արցախի ժողովուրդին վերադարձի իրաւունք՝ պայմանաւորուած ապահովութեան երաշխիքներով եւ իրաւունքներու պաշտպանութեամբ.
ե) Կրօնական-մշակութային ժառանգութեան իրավիճակ. պատմութեան նենգափոխում:
Երկրորդ նիստը կեդրոնացաւ իրավիճակի յաղթահարման որդեգրելի իրաւական հնարաւոր ուղիներուն վրայ։
Երրորդ նիստին օրակարգի առանցքը պիտի ըլլայ, աշխարհաքաղաքական նորագոյն իրադարձութիւններու լոյսին տակ, հայկական կողմի յետագայ աշխատանքային ուղիներու քննարկումը։
Ակադեմական-մասնագիտական բնոյթի քննարկումի իւրաքանչիւր նիստի աւարտին, վեհափառը կ՛ամփոփէ առաջարկուած գործողութիւններու կէտերը, որոնք պիտի համալրուին հեռավար խորհրդակցութիւններու յառաջիկայ նիստերով եւ պիտի հրապարակուին, յատկապէս իբրեւ աշխատանքային ուղի առաջարկող վերլուծականներով։
Նշենք, որ համահայկական օրակարգի տարողութիւն ունեցող այս հրատապ թեմաներու քննարկումներուն համար, կաթողիկոսին նախաձեռնութեամբ այս ձեւով կը գործէ մասնագիտական հարթակ մը, որուն մէջ ներառուած են Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն փորձագիտական մարդուժի ներկայացուցիչները։
Երրորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի, 30 Հոկտեմբերին։