ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Համալսարանական նոր շրջանաւարտներ կամ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ աշխատանքի կարելիութիւններ փնտռող երիտասարդներ կրնան դիմումներ ներկայացնել՝ մասնակցելու համար այս ձմրան կայանալիք Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի՝ Յովիկ Աբօ Սաղտճեանի անուան «Քեփիթըլ Կէյթուէյ» ծրագիրին, որ աշխատանք փնտռող երիտասարդներուն երեք ամսուան ձրի կեցութեան կարելիութիւն կը ստեղծէ, այդ նպատակով կազմակերպուող յատուկ աշխատանիստերուն եւ հանդիպումներուն կողքին:
8 Յունուար 2024ին սկսելիք ծրագիրի դիմումնագիրներուն պայմանաժամը 17 Նոյեմբերն է:
Դիմումնագիրները տրամադրելի են կայքէջին վրայ:
«Քեփիթըլ Կէյթուէյ» ծրագիրը հիմնուած է 2003ին, իսկ անոր սպասարկութիւններէն ցարդ օգտուած են առաւել քան 275 ամերիկահայ երիտասարդներ: Աւելի ուշ, ծրագիրը կոչուեցաւ անունովը երիտասարդ հանգուցեալ գործիչ Յովիկ Սաղտճեանի, որ ինքնաշարժի ողբերգական արկածի մը պատճառով մահացաւ: Անոր ընտանիքը, այս նպատակին համար հաստատուած հիմնադրամով, վերջին տասնամեակին յատկանշական աջակցութիւն ցուցաբերած է ծրագիրին:
Ծրագիրին մասնակցողները կը մնան «Արամեան Տան» մէջ, որ իրականութիւն դարձաւ 2016ին, շնորհիւ հանգուցեալ բարերարուհի եւ համայնքային ղեկավար Մարթա Արամեանի ընտանիքի նուէրին: Ռոտ Այլընտ նահանգի Փրովիտընս քաղաքէն Արամեան քոյրերը՝ Սու, Մարկօ եւ Մարթա, երկար տարիներ հանդիսացած են Ամերիկայի Հայ Դատ յանձնախումբի զանազան ծրագիրներու առատաձեռն նուիրատուներէն, նոյն ժամանակ ձեռք երկարելով Հայաստանի եւ Սփիւռքի զանազան շրջաններու մէջ իրականացուող մարդասիրական ծրագիրներու:
Յովիկ Աբօ Սաղտճեանի անուան «Քեփիթըլ Կէյթուէյ» ծրագիրին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, այցելել կայքէջը, կամ դիմել gateway@anca.org հասցէին եւ (202) 775-1918 թիւին: