Ատրպէյճանի կառավարութիւնը Ստեփանակերտի մէջ քաղաքային ոստիկանական բաժանմունք մը հաստատեց։ Այս մասին յայտարարեց Ատրպէյճանի ներքին գործոց նախարար Վիլայաթ Էյվազով:
Ան նաեւ տեղեկացուց, որ Ստեփանակերտէն բացի պարէտ նշանակուած է նաեւ Խոճալուի մէջ:
Ստեփանակերտի մէջ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը պարէտ նշանակեց Արցախի ամբողջական հայաթափումէն երկու շաբաթ ետք: