Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիւ Միլըր լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտարարեց, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ յառաջ մղել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացը:
«Մենք կը շարունակենք կառչած մնալ այն տեսակէտին, որ երկու կողմերուն շահերէն, տարածաշրջանի շահերէն եւ աւելի լայն աշխարհի շահերէն կը բխի, որ երկու կողմերը հասնին խաղաղութեան համաձայնութեան, եւ մենք կը շարունակենք յառաջ մղել զայն», ըսաւ Միլըր: