ՆԱԵՒ ԿՈՉ՝ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ ԱՒԱՐՏԵԼՈՒ ՄԻՆՉԵՒ ՏԱՐԵՎԵՐՋ
Եւրոպական խորհուրդը ընդգծեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ինքնիշխանութիւնը, սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը ճանչնալու սկզբունքներուն վրայ հիմնուած կայուն եւ երկարաժամկէտ խաղաղութեան հաստատումը յառաջ մղելու իր շարունակական աջակցութիւնը:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին կը նշուի Եւրոպական խորհուրդի երկօրեայ վեհաժողովին իբրեւ արդիւնք ընդունուած բանաձեւին մէջ, ուր անդրադարձ կը կատարուի նաեւ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման:
Եւրոպական խորհուրդը կարեւոր նկատեց Լեռնային Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներու եւ ապահովութեան երաշխաւորման` ներառեալ անոնց, որոնք կը փափաքին վերադառնալ իրենց տուները:
Անիկա կ՛աջակցի Պրիւքսէլի միջնորդութեամբ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին եւ կոչ կ՛ուղղէ կողմերուն՝ բարեխղճօրէն ներգրաւուելու ու գործընթացը աւարտելու մինչեւ տարեվերջ:
Իր կարգին, Եւրոպական Միութեան Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլ յայտարարեց, որ միութիւնը մտադիր է շարունակել իր միջնորդական դերը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ:
«Մենք վճռական տրամադրուած ենք շարունակելու գործել միջնորդի դերով` օգնելու Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կապերու բնականոնացման` տարածքներու ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան փոխադարձ ճանաչման սկզբունքով», յայտարարեց ան Եւրոպական Միութեան երկօրեայ վեհաժողովի աւարտին լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին։