
Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) հաղորդեց, որ բացայայտած է ահաբեկչութեան մը նախապատրաստութիւնը: Ըստ իրաւապահներուն՝ խումբին արդէն ձերբակալուած հինգ եւ ինքնութիւնը չպարզուած այլ անձեր ծրագրած են կազմալուծել իշխանութեան գործունէութիւնը՝ նախապատրաստելով պայթում մը եւ հանրութեան համար վտանգաւոր արարք մը:
Ահաբեկիչները, ըստ իրաւապահներուն, կը ծրագրէին գրաւել պետական նշանակութիւն ունեցող եւ այլ կառոյցներ՝ սպաննելով քաղաքացիներ: Չհաղորդուեցաւ, թէ այս բոլորին թիրախը ո՛վ է:
Հրապարակուեցան միայն հինգ ձերբակալուածներուն անուններուն առաջին տառերը, իսկ տեսանիւթին մէջ անոնց դէմքը փակուած էր, ձայնը՝ փոխուած: Ընդ որում, ահաբեկչական գործողութիւնը կը կրէր «Հիւսիսային տերեւաթափ» անունը, «յստակ չէ, արդեօք հիւսիս ըսելով նկատի առնուած է Ռուսիա՞ն», կը տեղեկացնէ «Ազատութիւն»ը:
Ըստ հրապարակուած ձայնագրութիւններուն՝ խումբը ունի արտերկրեայ հովանաւորներ: Ահաբեկչական գործողութիւններուն աւելի լայն զանգուածներ ներգրաւելու համար, ըստ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան, ծրագրուած է ստեղծել ուքրանական եւ մոլտովական թելեկրամեան ալիքներ՝ «Ազգային փրկութեան ապստամբութիւն» անուանումով, եւ զանոնք աշխուժացնել ահաբեկչութեան նախորդ գիշերը, ինչպէս նաեւ ներգրաւել Ազգային ժողովրդավարական բեւեռի գործիչներ. յամենայն դէպս, նկարահանումներուն մէջ երեւցող փաստաթուղթին մէջ քաղաքական այս միաւորին անունը նշուած է:
Իրաւապահները հաղորդեցին, որ ծրագրուած էր նաեւ յանցագործ խումբի անդամներուն ընտանիքները Վրաստան փոխադրել:
Խուզարկութիւններու ճամբով յայտնաբերուած է ռազմամթերք, որոնց կարգին՝ հրազէններ, պայթուցիկներ, հրթիռ արձակող սարքեր: Հրապարակուած ձայնագրութեան մէջ տղամարդիկը կը քննարկեն անօդաչու թռչող սարքով պայթում կազմակերպելու տարբերակը։ «Ինքը պուճուր ա սենց բան ա, իրա վրայ կարում ա տանի մի հատ մինա վաթսուննոց: Էտի ինձի պէտք չի է, մեռնեմ ջանիդ, էտի ինձի պէտք ա, ասենք, մեքենան գնում ա՝ մեքենայի տակ մտցնել», կը լսուի ձայնագռութեան մէջ:
Վերջին մէկ ամսուան ընթացքին Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը յայտնեց պետական ահաբեկչութեան կանխարգիլման արդէն երկրորդ փորձին մասին: Սեպտեմբերի աւարտին հաղորդուեցաւ, որ Երեւանի նախկին քաղաքապետ Ալբերտ Բազէյեան՝ «Խաչակիրներ ռազմահայրենասիրական» հասարակական կազմակերպութեան անդամներուն հետ ծրագրած է բռնութեամբ իշխանութեան տիրանալ: Բազէյեան մասնաւորաբար կը մեղադրուի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի սպանութիւնը նախապատրաստելու յանցանքով, զոր ան չ՛ընդունիր: