Արցախէն բռնի տեղահանուած մեծ թիւով անձեր կը դիմեն՝ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու համար: 2 Նոյեմբերի կառավարութեան նիստին այս մասին յայտարարեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
«Ի հարկէ, մենք սպասում էինք, որ այդ գործընթացը պէտք է տեղի ունենայ: Մեր խնդիրն այն է, որ հնարաւորինս արագ այդ գործը կազմակերպենք: Ի հարկէ, դա նաեւ ունի օրէնսդրական որոշ նրբութիւններ, որոնք պէտք է պահպանուեն: Այստեղ նաեւ բոլորս՝ կառավարութիւնը եւ պետական մարմինները, պէտք է հնարաւորինս արագ աշխատենք, բայց նաեւ Լեռնային Ղարաբաղից բռնի տեղահանուած մեր քոյրերից եւ եղբայրներից որոշակի համբերութիւն ենք ակնկալում, որպէսզի հնարաւորինս ընթացակարգերով առաջ շարժուենք, արագութեան պատճառով իրաւական խնդիրներ չառաջացնենք», նշեց Փաշինեան: