ԼՂՀի մէջ ընտրութիւնները արդէն վերջ գտան: Յառաջիկայ ժամերուն արդիւնքները կը յստականան: Սակայն անկախ այն հանգամանքէն, որ թեկնածուներէն ո՞վ ամէնէն բարձր թիւով քուէներու պիտի տիրանայ, այլ կենսական կէտ մը գրաւեց մեր ուշադրութիւնը: Այդ ալ մասնակցութեան տոկոսն է:
Հանրապետութիւն մը, զոր միջազգային օրինական-քաղաքական հանրութիւնը կը յամառի չճանչնալ իբրեւ անկախ կառոյց, այս արդէն քանիերորդ անգամ ըլլալով ընտրութիւններ կը կազմակերպէ՝ նախագահական եւ խորհրդարանական: Քանի մը շաբաթ առաջ, երբ առիթը կ’ունենայինք անգամ մը եւս այցելելու Արցախ, ամէնէն խուլ գիւղերուն մէջն իսկ, գիւղապետարանին մուտքերուն փակցուած տեսանք տուեալ գիւղի ընտրողներու անուանացանկը: Այսինքն, նախապատրաստական աշխատանքները արդէն իսկ ընթացքի մէջ էին՝ ըստ ԼՂՀի ընտրական օրէնքով նախատեսուած կարգին:
Ժողովրդավար կարգերու ամէնէն յատկանշական երեւոյթը ընտրութիւններն են: Ազա՛տ եւ արդա՛ր ընտրութիւնները: Իսկ տուեալ ժողովրդավար դրութեան մը մէջ, վարչակարգի առողջութեան ցուցանիշներէն մէկը ժողովրդային մասնակցութեան համեմատութիւնն է: Այսինքն, ինչքան բարձր ըլլայ մասնակցութեան տոկոսը, կը նշանակէ այդքան առողջ է այդ ժողովրդավար կառոյցը:
Ստեփանակերտի մէջ, երբ երեկոյեան ժամը 8ին փակուեցան ընտրական տեղամասերը, Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը հրապարակեց թիւեր, ըստ որոնց, մասնակցութեան տոկոսը եղած է աւելի քան 76: Թիւ մը, որ նախանձը պէտք է շարժէ արեւ-մտեան շատ մը երկիրներու, մանաւանդ անոնց, որոնք աջ ու ձախ կը սպառնան ժողովրդավարութիւն հաստատել…
Ընտրութիւններէն շատ առաջ արդէն, միջազգային քաղաքական շրջանակներ, որոնք շահագրգռուած են Կովկասով, փութացին յայտարարելու, որ իրենք պիտի չճանչնան այս ընտրութիւնները:
Սակայն ԼՂՀի ժողովուրդը, որ արեան գին վճարած է իր ճակատագիրը իր իսկ ձեռքով որոշելու համար, կարելի է ըսել գործնական կերպով եւ «ժայռային» հաստատակամութեամբ պատասխանեց այս տեսակի բոլոր յայտարարութիւններուն եւ աւելի քան 76 տոկոսով մասնակցեցաւ իր նախագահի ընտրութեան:
Յիշեցինք ամերիկեան ինքնաշարժի մը ծանուցումին մէջ յաճախ կրկնուող բառերը՝ Like a rock!