«Հայաստան» խմբակցութեան պատգմաւոր Արմէն Չարչեան հրաժարեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորական աթոռէն, ինչպէս նաեւ` իրենց պատգամաւորական աթոռները չստանձնեցին խմբակցութեան ցանկով յաջորդ 3 թեկնածուները:
Առ այդ, «Սփիւթնիկ Արմէնիա»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան յայտնեց, թէ մեծ է հաւանականութիւնը, որ Լեւոն Քոչարեան ստանձնէ պատգամաւորի իր պաշտօնը: Ան դիտել տուաւ, որ եթէ Լեւոն Քոչարեան փափաք յայտնէ վերցնելու յանձնարարութիւնը, Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի` 2021ի որոշման համաձայն, 6 Նոյեմբերին Հայաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը պէտք է պաշտօն շնորհէ անոր, որմէ ետք ան պէտք է անյապաղ ազատ արձակուի բանտէն, ներկայանայ Ազգային ժողովի յաջորդ նիստին եւ տայ պատգամաւորական երդումը:
Յայտնենք, որ Լեւոն Քոչարեան կը մեղադրուի 22 Սեպտեմբերի խաղաղ ցոյցին ընթացքին կարմիր պերետաւորներուն՝ ճամբան բանալու օրինական պահանջը չկատարելու եւ ոստիկաններուն նկատմամբ բռնութիւն գործադրելու յանցանքով, սակայն, նոյն օրը Լեւոն Քոչարեան ձերբակալելու ատեն իրաւապահները այնպէս հարուածեցին զայնր, որ փակ գանկուղեղային վնասուածք ստացաւ: