«Հայաստան» խմբակցութեան պատգմաւոր Արմէն Չարչեանի՝ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորական աթոռէն հրաժարելէն եւ անոր յաջորդող թեկնածուներուն կողմէ արձանագրուած մերժումէն օրեր ետք՝ 6 Նոյեմբերին, Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին մէջ այս օրակարգով գումարուեցաւ նիստ մը, եւ Լեւոն Քոչարեան ընդունեց ստանձնել այդ աթոռը: Անկէ շուրջ 3.5 ժամ ետք, նախկին նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանի որդին դուրս եկաւ «Նուբարաշէն» բանտէն։
Սահմանադրական դատարանի նախադէպային որոշումը կը հաստատէ, որ եթէ քաղաքացի մը պատգամաւորական աթոռ ստանայ, ուրեմն ան պէտք է ազատ արձակուի։
Լեւոն Քոչարեան լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին չուզեց խօսիլ այս պաշտօնը ստանձնելու մասին եւ՝ ակնարկելով այն տեսակէտին, թէ եղածը դիտումնաւոր էր, որպէսզի ինք ազատ արձակուի, ըսաւ, որ եղածը իրեն համար ալ անակնկալ էր։
Լեւոն Քոչարեանին նախորդող երեք թեկնածուները այս աթոռը ստանձնելը մերժելու իրենց պատճառները ներկայացուցին «Ֆէյսպուք»ով։ Հոգեբան Մադաթեան դիտել տուաւ, որ պատգամաւոր դառնալու պարագային պիտի չկարենայ աշխատիլ իր մասնագիտութեամբ, նախկին պատգամաւոր Վահէ Յակոբեանի «Վերածնուող Հայաստան» կուսակցութեան բանբեր Անժելա Նալբանդեան իբրեւ ինքնաբացարկի պատճառ նշեց Ազգային ժողովէն դուրս գալու` կուսակցութեան նախորդ Նոյեմբերին տուած որոշումը:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Գերասիմ Վարդանեան գրած է հետեւեալը. «Խնդրում եմ իմ այս քայլը դիտարկել պայքարի դաշտում մարտավարական դիրքաւորման համատեքստում»։