
Յարգելի խմբագրութիւն «Ասպարէզ» օրաթերթի,
Ներկայացնում ենք պատմական մի փաստաթուղթ, որ գտել էինք լեզուաբան Անժէլ Քիւրքճեանի արխիւում։ Հալէպի Կիլիկեան վարժարանին վերաբերուող այս փաստաթուղթը երկար շրջապտոյտից յետոյ դրուած էր մեր առջեւ։
Սիրով՝
Կարինէ Տէր Գէորգեան
Ահաւասիկ.
«Սիրելի՛ Անժէլ,
Մարգարտաշար այս ձեռագիրը աւելի քան 65 տարիէ ի վեր գուրգուրանքով կը պահեմ, որպէս թանկագին յիշատակ։
Ջերմագին սիրով՝
Երուանդ Պապայեան
12 Փետրուար 2008»
Այս թուականին ձեռագիրը յանձնուած է հեղինակին՝ Անժէլ Քիւրքճեանին։ Իսկ մենք, երբ արդէն թէ՛ Ե. Պապայեանը եւ թէ Ա. Քիւրքճեանը հեռացած էին մեզնից, 2022 թուին, այն պատճէնահանելուց յետոյ, ուղարկել ենք Հալէպի Կիլիկեան ճեմարանի «Անժէլ Քիւրքճեան» գրադարանին։ Հայ աշակերտի դաստիարակութեանը վերաբերող այս գրութիւնը, որ կիրառելի է նաեւ մեր օրերում, հետեւեալն է.

Կիլիկեան Վարժարանի
1942-43 Ուսումնական Տարեշրջանի Ա. Ծնողական ժողովը տեղի ունեցաւ 17 Յունուար, Կիրակի կէսօրէ առաջ։ (Ա. Քիւրքճեանը այդ տարիներին ուսուցչուհի էր Կիլիկեան վարժարանում, իսկ տնօրէնն էր Ե. Պապայեանը- Կ.Տ.Գ.)։
Ներկայ էին մօտ 350 երկսեռ ծնողներ։
Հետեւեալը խօսուած է այս ժողովին մէջ։
——–
Բարոյական Դաստիարակութեան Կարեւորութիւնը
———
Շատեր կը կարծեն թէ դպրոցներուն պարտականութիւնն է լեզուներ եւ գիտութիւն սորվեցնել, եւ թէ դպրոցի մը համար նկատի առնուելիք միակ պարագան՝ աշակերտին խօսած քանի մը ֆրանսերէն եւ անգլերէն բառերն են։ Եթէ միայն այս ըլլար մեր գործը՝ կը խորհիմ թէ աւելորդ պիտի ըլլար ա՛յսքան շատ հայ նախակրթարաններ պահել։
Դպրոցներուն պարտականութիւնը չի սահմանափակուիր այս կրաւորականութեան մէջ։
Այդ պարտականութիւնը մասնաւորաբար կը կայանայ աշակերտին հոգին մշակելու, անոր լա՛ւ յատկութիւնները զարգացնելու բարոյական դերին մէջ։
Նորածին մանուկը իր ներաշխարհին մէջ ունի, ծնած վայրկեանին, լաւ յատկութիւններ եւ գէշ մոլութիւններու սերմեր՝ որոնց զարգացումէն կախում ունին իւրաքանչիւր աշակերտի նկարագիրն ու ապագայի յաջողութիւնը։ Դպրոցը հաւաքական ճիգ մըն է, լծուած գէշ մոլութիւնները արմատախիլ ընելու եւ լաւ յատկութիւնները զարգացնելու դժուար գործին։
Մենք կը ջանանք աշակերտին հոգին օժտել բարոյական արժանիքներով եւ մշակել անոնց սիրտը՝ պայքարելով գէշ ազդակներու դէմ։
Ահա հոս են որ իրարու կը բաղխին աշակերտ եւ ուսուցիչ, որովհետեւ աշակերտը չի կրնար ըմբռնել թէ իր գէշ մէկ բնազդը սրբագրելու համար է որ ուսուցիչը կը պատժէ զինք, չի կրնար ըմբռնել ու կ՛ըմբոստանայ, կը ջղագրգռուի։
Նման պարագաներուն եթէ ծնողք քաջալերեն աշակերտը եւ ձայնակցին իրեն՝ ամբաստանելով պատժող ուսուցիչն ու քննադատելով զայն առանց վերապահութեան (բան մը որ դժբախտաբար յաճախ կը պատահի ու ան ալ դրացիներուն, մեծ ու պզտիկ աշակերտներու ներկայութեան. «Այդ Պրն.ին Օ.ին կը ցուցնեմ, ձեռքը կոտրէր տէ չզարնէր չօճուխիս». ի դէպ սպառնալիքներ սովորական բաներ են, կայ բարձրագոչ հայհոյանքն ալ՝ տակաւին)։
Է՛, լա՛ւ ուրեմն, այդ ծնողք պէտք է գիտնան որ լմնցած է, այդ աշակերտը դատապարտուած է բարոյապէս իյնալու, շփացումը զայն օր մըն ալ բարոյապէս պիտի դարձնէ իրենց դէմ, անակնկալ անպատկառութեամբ եւ սկրթածութեամբ։ Իրենց զաւակը սիրող ծնողք, անո՛ր իսկ շահերուն համար, նման պարագաներուն կը սաստեն զայն, իրաւունք տալով պատժող ուսուցչին ու երբեք չեն թոյլատրեր որ դժգոհութիւն յայտնէ ուսուցչի մասին ու յետոյ, առանց իրենց զաւկին գիտութեան, կու գան դպրոց, ներկայանալով մեզի՝ բացատրութիւն կ՛ուզեն մեզմէ, որպէսզի տրուած թերութեան մասին միասին խորհրդակցինք եւ դարմանումին աշխատինք գործակցաբար։
Յարգելի՛ ծնողք, քաջալերեցէ՛ք դպրոցը, որ պայքարին ձեր զաւակներուն թերութիւններուն ու մոլութիւններուն դէմ, մի՛ հակազդէք անոնց այս օգտակար աշխատանքին՝ պատժուելու պարագային շոյելով ու շփացնելով զանոնք։
Մեր պարտականութիւնն է լաւ յատկութիւններով օժտել մեզի յանձնուած դեռատի հոգիները՝ որպէսզի անոնք վաղը ըլլան մաքուր նկարով պարկեշտ, ազնիւ կիներ ու մարդիկ։ Մեր պարտականութիւնն է սիրցնել տունն ու ընտանիքը ձեր զաւակներուն, արգիլելով փողոցի հետ անոնց յարաբերութիւնը։ Փողոցը ամենանպաստաւոր միջավայրն է գէշ մոլութիւններու զարգացումին եւ արագացումին։
Ամենէն առաջ դո՛ւք, մայրե՛ր, դո՛ւք պիտի ձեռք երկարէք դպրոցներուն, գործակցիք մեզի բացարձակ վստահութեամբ։
Այլապէս, ճիշդ այն պահուն երբ կ՛ակնկալէք որ անոնք, ձեր զաւակները փոխադարձ սիրոյ անուշ ժպիտով մը վարձատրեն ձեր տարապայման յոգնութիւններն ու ցաւերը՝ կը լքեն ձեզ՝ ու կ՛երթան յանձնուելու աղտոտ, գռեհիկ բարեկամութիւններու՝ լքելով ձեզ ծանր ու դաժան յուսախաբութեան մը անմխիթար արդիւնքներուն մէջ։ Ու այն ատեն ի զուր պիտի ծեծէք ձեր ծունկերը, ամէն միջոց անզօր պիտի ըլլայ այլեւս ու ժամանակը՝ անվերադարձ։
Հո՛ս, դպրոցական գրասեղաններու առջեւ միայն կարելի է կռել անոնց հոգիները։ Համախմբե՛նք մեր ուժերը ու նուիրուինք դաստիարակութեան այս նուիրական գործին։ Միշտ միասին, համախոհ, ամէն բանէ առաջ աշակերտին մէջ զօրացնելով յարգանք եւ սէր։ Մենք՝ ձեզի հանդէպ եւ դո՛ւք՝ հանդէպ մեզի։
Եւ յետոյ՝ պէտք է ըմբռնեն մեր ընտանիքները, թէ այս միջավայրը օտար է, թէ հայու կեանքը այս չէ։ Հայու կեանքը՝ այս անորորշութեան մղձաւանջով ու տնտեսական բիրտ դժուարութիւններով գալարուող անկայուն օրերը չեն։ Անոնք պէտք է ունենան մեր հայրենիքին երազը, պէտք է ապրին հաւատքով։ Այլապէս, եթէ անոնց խօսինք մեր դժբախտութեանց մասին միայն, եթէ զանոնք ընկճենք մեր տնտեսական մտահոգութիւններով՝ անոնց մանկութեան երջանիկ օրերուն կը ծերացնենք անոնց հոգին։ Կ՛ունենանք թոյլ, յոռետես եւ հիւանդագին սերունդ մը։
Խնայեցէք ձեր զաւակներուն, ազնիւ հայրեր ու մայրեր, մի՛ խօսիք անոնց մեր աղքատութեան ու միա՛յն մեր սեւ դժբախտութեան մասին։
Խօսեցէք անոնց մեր ամրակուռ, մեր շէնշող Հայաստանին մասին։ Ինչ փոյթ թէ այսօր չենք կրնար վայելել անոր բարիքները։ Անոր երազը միայն կը բաւէ մեր նորահաս սերունդը խանդավառելու։
Խօսինք եւ խանդավառենք այս մատաղ սրտերը՝ որպէսզի ըլլան եռանդուն, առոյգ եւ քաջ՝ հոգիով։ Ա՛յսպիսով միայն մեր ազգը կ՛ունենայ լա՛ւ հայեր եւ դուք ալ՝ յարգելի ծնողք՝ արժանաւոր զաւակներ։