Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան պիտի չմասնակցի 8 Նոյեմբերին, Մոսկուայի մէջ տեղի ունենալիք Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) մասնակցող պետութիւններու ապահովութեան խորհուրդի քարտուղարներու հերթական հանդիպումին:
Այս մասին յայտնեց Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի բանբեր Տաթեւիկ Պետրոսեան: