Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայ Դատի հետապնդման պատմութեան վերջին տարիներուն հետեւելով դժուար չէ նկատել, որ հայանպաստ հետեւողական անշեղ կեցուածք ունեցած է այսօր Ներկայացուցիչներու տան խօսնակի պաշտօնը ստանձնած Նէնսի Փելոսի։ Այս լոյսին տակ իրական հիմքեր ունէին նաեւ թրքական կողմին մտահոգութիւնները, որոնք կ՚արտայայտուէին պետական եւ քարոզչական շրջանակներուն կողմէ։ Իրական հիմքեր ունէր նաեւ ամերիկահայութեան լաւատեսութիւնը։
Գաղտնիք չէ նաեւ այն, որ թրքական կողմը իր քարոզչական միջոցներով կը փորձէր ամերիկեան քաղաքական դաշտը տարտղնել եւ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին շուրջ հանրապետական եւ դեմոկրատական գոյացած համախոհութիւնը ճեղքել, հարցը ներկայացնելով այնպէս, որ հայանպաստ դիրքորոշումը դեմոկրատներուն առանձնաշնորհումն է։
Այսօր, Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին շուրջ համախմբուած 226 հովանաւորներուն ցանկը եկաւ ապացուցելու, որ թրքական կողմին պնդումները անհիմն են, որովհետեւ նման բանաձեւ մը հովանաւորելու մեկնակէտը կուսակցական պատկանելիութիւնը չէ, այլ էապէս պատմական ճշմարտութիւններուն տէր կանգնելու սկզբունքն է, որ կը մղէ թէ՛ հանրապետեկան, թէ՛ դեմոկրատական քոնկրէսմէնները իրենց աջակցութիւնը յայտնելու այդ բանաձեւին։
Անցեալ շաբաթ, Ուաշինկթընի մէջ հանրապետական եւ դեմոկրատական քոնկրէսմէններու հետ հարցազրոյցներու շարք մը ունեցաւ «Հայրենիք» հաստատութեան The Armenian Weekly շաբաթաթերթի խմբագիր Խաչիկ Մուրատեան։ Այդ հարցազրոյցներէն եթէ առանձնացնենք այն արտայայտութիւնները, որոնք ունեցած են հանրապետական քոնկրէսմէններ, ապա առաւել եւս կը հաստատուի վերոնշեալ մեր ընդգծումը, որ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին աջակցիլը կուսակցական մեկնակէտ չունի, այլ կը բխի արդարութիւնը վերականգնելու եւ նոր ցեղասպանութիւններ կանխելու սկզբունքէն։
Այն հարցումին, թէ ի՞նչ են բանաձեւին յառաջընթացը խանգարող հիմնական հանգամանքները, Նիւ Ճըրզիի հանրապետական քոնկրէսմէն Սքաթ Կարէթ կը թուէ երեք կէտեր. ներքոնկրէսեան, վարչակազմէն եկած եւ արտաքին ուժերէն եկած հանգամանքներ։ Քոնկրէսմէնը ներքոնկրէսեան երկու փաստ կ՚առանձնացնէ, որոնցմէ առաջինը Արտաքին քաղաքականութեան յանձնաժողովի նախագահին կեցուածքն է, իսկ երկրորդը՝ խօսնակ Նէնսի Փելոսիի կողմէ հարցը դեռ քուէարկութեան չներկայացնելը։ Քոնկրէսմէն Կարէթ կը վկայէ Նէնսի Փելոսիի հայանպաստ կենսագրութեան մասին եւ կ՚աւելցնէ. «Հետաքրքրական հեգնանքը այն է, երբ մէկը մէկ կողմէն կ՚ըսէ ես կը հովանաւորեմ եւ կ՚աջակցիմ այսինչ օրինագիծին, իսկ միւս կողմէ՝ իրենց ընձեռուած լիազօրութիւններով գործնական քայլեր չ՚առներ այդ ուղղութեամբ։ Ես օրինակ, որպէս 435 քոնկրէսմէններէն մէկը, ըսած եմ, որ կը պաշտպանեմ օրինագիծը եւ տակը ստորագրած եմ, միաժամանակ իմ հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ կը պահանջեմ Քոնկրէսի ղեկավարութենէն, որ զայն քուէարկութեան դնէ։ Տիկին Փելոսի առաջին քայլը առած է, ստորագրած է օրինագիծին տակ։ Յստակ է, որ իր լիազօրութիւններու մէջ է անմիջապէս ըսել, որ այսօր կամ վաղը բանաձեւը օրակարգի վրայ է։ Ինչ ինչ պատճառներով որոշած է դեռ չդնել։ Հետեւաբար, պէտք է բացուիլ հանրութեան եւ ճնշում գործադրել ղեկավարութեան վրայ, ըսելու համար, որ մի՛ լսէք Պետական քարտուղարութեան պիւրոքրատներուն, արտաքին ուժերուն եւ ականջ տուէք արդարութեան եւ ճշմարտութեան ու թոյլ տուէք, որ օրինագիծը մէջտեղ գայ քննարկման»։
Վերոնշեալ հարցազրոյցներուն մէջ նմանօրինակ կարծիքներ յայտնած են նաեւ հանրապետականներ Էտուրատ Ռոյս, Ճորճ Ռատանովիչ եւ Ճօ Նոլընպըրկ։
Քոնկրէսմէններու պատասխանները մէկ կողմէ կ՚ապացուցեն, որ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը կը վայելէ Քոնկրէսի անդամ ե՛ւ հանրապետականներու ե՛ւ դեմոկրատներու աջակցութիւնը։ Միաժամանակ, այդ պատասխանները ակամայ ծնունդ կու տան արդար հարցումի մը. ժամանակը չէ՞, որ Քոնկրէսի խօսնակ Նէնսի Փելոսի հայանպաստ իր կենսագրութեան գործնական ապացոյցը տայ եւ բանաձեւը ներկայացնէ Քոնկրէսի քննարկման եւ քուէարկութեան։
Այժմ, որոշուած է Հոկտեմբեր 10ին բանաձեւը քննարկման նիւթ դարձնել Քոնկրէսի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին մէջ, որուն վաւերացումէն ետք կը յուսանք, որ Ներկայացուցիչներու տան խօսնակը կ՚արդարացնէ ամերիկահայութեան եւ Քոնկրէսի բացարձակ մեծամասնութեան սպասելիքները։