Չորեքշաբթի օր, զինադադար հաստատելու՝ ՄԱԿի եւ ամերիկեան կոչերը անտեսող իսրայէլեան ուժերը շարունակեցին վերջին մէկ ամսուան ընթացքին ծանրագոյնը եղող ռմբակոծումներով հարուածել պաշարուած Կազան, որուն հիւսիսային շրջաններէն հազարաւոր պաղեստինցիներ կը շարունակեն հեռանալ դէպի հարաւային Կազա, որովհետեւ բախումներ սկսած են տեղի ունենալ նաեւ Կազա քաղաքին մէջ։
Ցարդ սպաննուած պաղեստինցիներուն թիւը 10,500ի սահմանը անցաւ, ներառեալ՝ առաւել քան 4300 մանուկներ:
Իրանի նախագահ Էպրահիմ Ռայիսի Իսրայէլին աջակցող բոլոր երկիրները անուանեց պաղեստինցիներու դէմ կատարուող պատերազմական յանցագործութիւններու մեղսակից:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն անակնկալ այցելութեամբ մը Կիրակի օր հասաւ Ռամալլա, ուր մէկ ժամ տեւած հանդիպում մը ունեցաւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ: Ապպաս ըսաւ, որ Կազայի մէջ պէտք է անյապաղ զինադադար հաստատուի եւ թոյլատրուի մարդասիրական օգնութեան մուտքը:
Պլինքըն Շաբաթ օր, Յորդանանի մէջ հանդիպում ունեցած էր Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին եւ շրջանի արաբական երկիրներու ներկայացուցիչներու հետ, իսկ Ուրբաթ օր՝ Թել Աւիւի մէջ բանակցութիւններ վարած էր Իսրայէլի իշխանութիւններուն հետ:
Միւս կողմէ, հարաւային Լիբանանի սահմանագիծին վրայ եւս բախումները կը սաստկանան: