ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Բարութեան ի՞նչ ըլլալուն մասին կայ կարծիք այնքա՛ն, որքան որ մարդ կայ այս երկրագունդին վրայ…։
Այս հաստատումը փաստերու կարիք չունի, որովհետեւ իւրաքանչիւր անձ կը տիրապետէ իր կեանքին ընթացքին պատահած դէպքերու լոյսին տակ բարութիւնը կողմնորոշելու »արուեստին«, երբեմն արեւելքէն մինչեւ արեւմուտք տեղափոխելով զայն: Բարոյագիտութեան վիրաւոր երեսներէն մէկն է այս, երբ տրամադրութիւններու ազդեցութեան տակ կը սահմանուի բարութիւնը:
Ի զուր չէ, որ երբ նոյնիսկ Յիսուսին մօտենալով »Բարի վարդապետ« կոչեցին զայն, անմիջապէս պատասխանեց անոնց՝ ըսելով. »Բարին մէկ է« (հմմտ Մտ 19.16-1):
Բացարձակ Բարիին մասին է Յիսուսի ակնարկը, որովհետեւ այնտեղ տրամադրութեամբ եւ տուեալ պահուան ազդեցութեան տակ սահմանուող ու շրջագծուող բարի չկայ, այլ բարութեան գագաթնակէտը մատնանշուած կայ: Աստուծոյ բարութեան ոչինչ խառնուած է: Բիւրեղեայ միակ բարին է Աստուած, որուն էութեան չի կրնար հաւասարիլ ինքզինք գիտակից համարող որեւէ գոյութիւն:
Կեանքի ընթացքին կան բազմաթիւ առիթներ, սակայն, երբ մարդոցմէ ոմանց »բարի« որակումը կու տանք, տուեալ դէպքին մէջ անոնց կեցուածքը եւ հարցերուն ունեցած մօտեցումը գնահատելով: Ուրեմն, իսկապէս բարի չե՞ն անոնք. հապա ինչպէ՞ս արտայայտութիւն կու տան իրենց մէջէն եկող այն լաւ տրամադրութեան, զոր բարութիւն կ՛անուանենք:
Բացարձակ Բարիէն բացի, մնացեալ բոլոր տեսակի բարութիւնները մարդկային հոգիի արտայայտութիւններ են, որոնք անպայման պատճառ ունին: Առանց պատճառի բարութիւն չկայ, այնպէս ինչպէս առանց պատճառի չարութիւնը չի կրնար գոյանալ: Օրինակ՝ գողութեան նպատակը պատճառ է չարիքի: Ուրիշի ունեցուածքին նկատմամբ իր ունեցած նախանձին կամ պարզապէս շուտով հարստանալու նպատակով, մարդը կ՛որոշէ գողնալ ուրիշին ստացուածքը, որուն միջոցով նաեւ կը վարկաբեկէ իր ինքնութիւնը՝ գող հռչակուելով:
Վերոյիշեալ օրինակին ճիշդ հակադիր պատկերն է բարութիւնը: Ասոր պարագային, սակայն, ուրիշին ստացուածքը չէ՛ աղբիւրը իր բարութեան, այլ երկու այլ աղբիւրներ, որոնց պատճառով ան կ՛իրագործէ իր բարութիւնը:
Տիեզերքին իշխող գերագոյն Բարիին օրինակը համայն մարդկութեան կեանքին վրայ տիրապետող անգերազանցելի ուժ է: Մութին մէջ, փակ աչքերով իսկ երեւցող սոյն օրինակը անժխտելի է, եւ նոյնիսկ չար հոգիներէն իմացուած ու հաստատուած:
Ժայռափոր գերեզմաններէն դուրս եկած զոյգ դիւահարներուն մէջէն չար ոգին հանելով՝ խոզերու երամակին մէջ երբ ղրկեց Յիսուս, չար ոգին խօսելով՝ ըսաւ. »Ի՞նչ կ՛ուզես մեզմէ«, ապա Յիսուս չարի ոգին խոզերու երամակին մէջ ղրկեց, իսկ անոնք զառիթափէն վազեցին եւ ջուրին մէջ խեղդուեցան (Հմմտ Մտ 8. 29-33): Այստեղ չարը գերագոյն Բարիին դէմ յանդիման եկաւ եւ պարտուեցաւ: Անիկա մարդկային սովորական բարի հոգիներու հետ շատ առերեսուեր էր, ինչպէս դիւահարներուն հարազատներն էին: Անոնք բոլորը ցանկանալով ցանկացեր էին իրենց հարազատներուն առողջութիւնը, չար ոգիէն վերջնականապէս ազատումը, սակայն չէին յաջողած: Ուրեմն, անկատար բարութիւնը չէր կրնար ազատել դիւահարը: Միայն գերագոյն Բարութիւնը կրնար նման հրաշք մը գործել, որովհետեւ ամբողջական զօրութեան անհրաժեշտութիւն կայ, երբ չարը պարտութեան պիտի մատնուի: Նոյնը չէ՞ կեանքի սովորական պայքարին մէջ, երբ մարդկային հոգին որքան ալ բարի ըլլայ եւ բիւրեղ, ալեկոծումներու չի դիմանար: Այն տանջանքը, զոր բարի մարդիկ ամէն օր կը կրեն այս կեանքի յորձանուտին մէջ, ի՞նչ պատճառ ունի. այն, որ վերջնականապէս չեն կրնար յաղթել չարին. օր մը կը յաղթահարեն անոր պատճառած դժուարութիւնները, միւս օրը դարձեալ կ՛իյնան անոր ծուղակը…։ Վերոյիշեալ օրինակները եւ կեանքի փորձառութիւնը թոյլ կու տան հաստատելու, որ բարութեան գերագոյն օրինակը Աստուած Ինք է, իբրեւ ամբողջական Բարին, որուն մէջ չարութեան նշոյլ չկայ: Բարութեան անպարտելի ուժի աղբիւրը Աստուած Ինք է:
Երկրորդ աղբիւրը, որ թէպէտ անհամեմատելի, սակայն կարեւոր է՝ ծնողական դաստիարակութեամբ կերտուած բարին է մարդկային հոգիին մէջ: Նկարագիրի կազմութիւնը մարմնական գոյառման պահուն չի փոխանցուիր նորածինին: Մորթի գոյնը, դէմքի եւ մարմնական կազմուածքի որոշ նմանութիւններ եւ այլ տեսանելի մանրամասնութիւններ ծնունդով կը փոխանցուին ծնողներէն զաւակներուն, սակայն հոգեկան կազմուածքը՝ դաստիարակութեամբ կ՛իրագործուի: Ամէնէն ցայտուն օրինակը լեզուն է: Նորածինին լեզուն իր մայրենիով կը բացուի: Կը պատահի նաեւ, որ բնական աղէտներու պատճառով կամ ընկերային այլ պատճառներով, երեխաներ իրենց ծնողներէն հեռու, այլ ընտանիքներու մէջ հասակ առնեն: Զիրենք որդեգրող ծնողները երբեմն նոյն ազգին չեն պատկանիր: Առ այդ, յաճախ վկան կը հանդիսանանք շատ տարօրինակ երեւոյթներու, երբ, օրինակ, սեւամորթ կամ կարմրամորթ մանուկը իր լեզուն կը բանայ հայերէնով, կամ իրեն համար շատ խորթ այլ լեզուով մը…։ Ուրեմն, սուահիլի կամ չինարէն լեզուն արեամբ չէր փոխանցուած մանուկին, եւ ան իր լեզուն բացաւ հայերէնով: Նոյնպէս ալ բարութիւնը արեամբ փոխանցուող զգացում չէ: Ծնողական դաստիարակութիւնը շատ փոքր տարիքէն մանուկին հոգիին մէջ կը սերմանէ բարութիւնը, որ կը զարգանայ՝ տեսնելով եւ զգալով այն, ինչը ծնողքը կը յուշէ ու կը կատարէ ամէն օր: Ուրեմն, ծնողական դաստիարակութեան հետ, անոր ուղղակի օրինակ հանդիսանալը կարեւոր է, որպէսզի մանուկը ժառանգէ այն, ինչը ծնողքը կը փոխանցէ իրեն:
Բարութեան երրորդ տեսակը, որուն աղբիւրը նախապէս որոշուած չէ, անգիտակից բարութիւնն է: Այս եւս պատահականութիւն չենք կրնար համարել, որովհետեւ վերջապէս աղբիւր մը պիտի ունենայ: Այս պարագային, միջավայրի մէջ ապրող կերպարները, ապրելապայմանները եւ մանաւանդ կեանքի դժուարութիւնները առիթ կը հանդիսանան, որ ենթական բարութիւնը որդեգրէ, քան չարութիւնը:
Արեւմտեան թէ արեւելեան երկիրներու մէջ սկսեր է լայնօրէն տարածուիլ նախապէս շատ տարօրինակ թուացող կեանքի ձեւ մը. միայնակ մարդիկ իրենց կեանքի մեծագոյն մասը կը տրամադրեն ընտանի կենդանիի մը: Նախապէս միայն մուրացիկներու եւ իրենց առօրեայ հացը փողոցներու մայթերուն վրայ անցորդներէն ստացող մարդոց կողքին նստած շուները ծանօթ էին հանրութեան: Յիշեցէք Աւետարանին մէջ աղքատ Ղազարոսին դրուագը (տե՛ս Ղկ.16.19-21): Այսօր մեծահարուստներ նոյն ընկերակցութիւնը կը ցուցաբերեն ընտանի կենդանիներու հետ, իսկ իրենց կեանքի աւարտին, անոնց կը կտակեն իրենց ամբողջ հարստութիւնը…։
Չափազանցուած ըլլալէ աւելի անգիտակից բարութիւն մը կ՛երեւի վերոյիշեալ պատկերին մէջ: Արդեօք կենդանական բնազդային բարութի՞ւնն է ստիպողը, որ մարդ խղճայ անոր, ու սկսի ընդօրինակել այդ բարութիւնը…։ Ընկերաբաններու վիճաբանութեան նիւթ է այս, մեր կարողութենէն շատ վեր: Սակայն քրիստոնէական ակնոցով դիտած՝ մարդ էակին բարութիւնը պատահականութիւն չէ, եւ երկու գլխաւոր աղբիւրներ ունի. գերագոյն բարութեան օրինակը Աստուած է, իսկ իր առօրեայ կեանքին համար անհրաժեշտ կազմաւորման համար՝ իր ծնողքը: