Կիրակի, 5 Նոյեմբերի առաւօտեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան եպիսկոպոսական Ս. պատարագ մատոյց, քարոզեց եւ մատաղօրհնէք կատարեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, անոր օծման 60րդ ամեակին առիթով:
Ս. խորանին սպասարկեցին հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան, սարկաւագներ եւ դպիրներ: Արարողութեան ներկայ եղան Ազգային վարչութեան անդամներ, Հոգաբարձութիւն, շրջանի Ազգային երեսփոխաններ, պատկան մարմիններու եւ յարակից միութիւններու ներկայացուցիչներ, բարերարներ, բարեկամներ, Սրբոց Նահատակաց Ազգային Ֆերահեան եւ կիրակնօրեայ վարժարաններու աշակերտներ եւ հոծ բազմութիւն մը:


Ս. խորանէն առաջնորդ սրբազանը փոխանցեց եկեղեցւոյ օծման 60ամեակին նուիրուած իր բարեմաղթութիւնները, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեանի քահանայական ձեռնադրութեան 30ամեակը, ապա արտասանեց աւուր պատշաճի քարոզ մը, որուն բնաբանը վերցուած էր Յիսուս Քրիստոսի՝ եղբայրութեան մասին ուսմունքէն: Իր խօսքին մէջ ան դիտել տուաւ, որ քրիստոնէութիւնը մարդկային կեանքին մէջ ծաղկեցաւ, տարածուեցաւ եւ պայծառացաւ, որովհետեւ ջնջեց խտրականութիւնը մարդոց կեանքէն եւ հաւասարութիւն հաստատեց Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած բոլոր արարածներուն միջեւ:
Յետ արարողութեան, առաջնորդական շքերթը ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ «Եղիա Սարաֆեան» դահլիճը, ուր առաջնորդ սրբազանը մտերմիկ հանդիպում մը ունեցաւ գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ: