Կարմիր Խաչը այս ամիս այցելեց Ատրպէյճանի կողմէ 19 Սեպտեմբերի յարձակումէն ետք ձերբակալուած եւ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներուն։ Այս մասին «Ազատութեան» փոխանցեց Կարմիր Խաչի միջազգային կազմակերպութեան Հայաստանի գրասենեակի հաղորդակցութեան եւ կանխարգիլման ծրագիրներու ղեկավար Զառա Ամատունի:
Ամատունի չնշեց, թէ ճիշդ որո՛ւն հետ տեսակցած է: Ան միայն փոխանցեց, որ տեսակցած են անոնց հետ, որոնց անունները իշխանութիւնները հաստատեցին:
Ըստ Հայաստանի քննչական կոմիտէին՝ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի վրայ 19 Սեպտեմբերի ռազմական յարձակումին ընթացքին գերի տարուած են 16 անձեր, որոնցմէ 6ը զինուարականներ են, 10ը` քաղաքայիններ։
Թէեւ Պաքու յայտարարեց, թէ նկատի առած է զէնքը վար դրած ղարաբաղցիներուն հանդէպ համաներման որոշում տալու կարելիութիւնը եւ այս երաշխիքները կու տայ բարձրագոյն մակարդակով, այնուամենայնիւ առայսօր Սեպտեմբերին եւ Հոկտեմբերին գերի տարուած եւ ատրպէյճանական բանտերուն մէջ պահուող որեւէ զինուորական համաներման չենթաարկուեցաւ: