Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը Հինգշաբթի օր ընդունեց «Հայաստանի պաշտպանութեան 2023ի օրէնք» խորագրուած բանաձեւը, որ կրնայ երկրին նախագահէն երկու տարիով խլել 1992ին վաւերացուած «Ազատութեան աջակցութեան օրէնք»ի թիւ 907 ենթաբաժինը շրջանցելու իրաւունքը, որ կը վերաբերի Ատրպէյճանին տրամադրուող օգնութեան:
907րդ ենթաբաժինը կը շեշտէ, թէ Ուաշինկթըն չի կրնար Ատրպէյճանին օգնութիւն տրամադրել, Պաքուի հակահայ արարքներուն պատճառաւ, սակայն յետագայ տարիներուն օրէնսդիրները վերամշակած են թիւ 907 ենթաբաժինը, նախագահներուն թոյլատրելով զայն շրջանցել եւ 2002էն ի վեր, «հակաահաբեկչական գործողութիւններ իրականացնելու նպատակով» ռազմական օժանդակութիւն կը տրամադրուի Պաքուին:
Ծերակոյտին ընդունած այս բանաձեւը ի զօրու պիտի դառնայ, եթէ Ներկայացուցիչներու տունը վաւերացնէ եւ նախագահը ստորագրէ զայն: