ՄԱԿի Մարդկային իրաւունքներու խորհուրդը 14 Նոյեմբերին, Ժընեւի մէջ հիւրընկալեց «Արցախը դէպի վերականգնում. Ատրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկել» խորագիրով տեղեկատուական միջոցառումը (side event), որ կազմակերպուած էր Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) կողմէ՝ Ատրպէյճանի «Համընդհանուր պարբերական դիտարկման» (UPR) գործընթացին զուգահեռ:
Միջոցառումին մասնակցեցան փորձագէտներ, պետական պատուիրակութիւններու ներկայացուցիչներ, փաստաբաններ եւ այլ շահագրգիռ կողմեր՝ անդրադառնալով մարդկային իրաւունքներու այն խախտումներուն եւ ցեղասպան գործողութիւններուն, որոնք վերջին ամիսներուն իրականացուեցան Ատրպէյճանի կողմէ՝ Արցախի, Հայաստանի եւ ընդհանրապէս հայութեան դէմ՝ յանգեցնելով Արցախի առաւել քան 100,000 բնիկ հայ բնակչութեան տեղահանումին, մարդկային ճգնաժամի եւ Արցախի Հանրապետութեան ղեկավարութեան բանտարկութեան:
Քննարկումին նպատակն էր՝ բացայայտել Ատրպէյճանի կողմէ ձեռնարկուած գործողութիւններուն պատասխանատուները պատժելու հաւանական ուղիները:
Միջոցառման ընթացքին, բանախօսները մանրամասնօրէն ներկայացուին Պաքուի կողմէ մարդկային իրաւունքներու զանգուածային խախտումները՝ տրամադրելով անհրաժեշտ փաստացի տեղեկատուութիւն: Մասնաւորապէս.
– Արցախի Հանրապետութեան նախկին պետական նախարար եւ Մարդու իրաւունքների նախկին պաշտպան Արտակ Բեգլարեան տեղեկութիւններ տուաւ տեղահանութեան եւ տառապանքի իր անձնական ցաւալի փորձառութեան մասին, ընդգծելով պատերազմներու եւ իննամսեայ շրջափակման ու սովի պատճառով արցախցիներու ապրած դժուարութիւնները: Ան ընդգծեց Պաքուի կողմէ կատարուած յանցագործութիւններու պատասխանատուները պատժելու եւ Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան իրաւունքներու վերականգնման կարեւորութիւնը:
– Միջազգային քրէական դատարանի նախկին գլխաւոր դատախազ, Լուիս Մորենօ Օքամփօ պնդեց, թէ հայերու դէմ Ատրպէյճանի գործողութիւնները կը համապատասխանեն «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխելու եւ անոր համար պատիժի մասին» համաձայնագիրի պահանջներուն, եւ թէ Պաքու միտումնաւոր կերպով չէ կանխած ցեղասպանութիւնը, որ պետութեան մը գլխաւոր պարտականութիւններէն մէկն է։ Ան նաեւ քննադատեց միջազգային հանրութիւնը՝ ցեղասպանութիւնը չկանխելուն եւ զայն շարունակաբար ժխտելուն համար:
– Ցեղասպանութեան կանխարգիլման «Լեմքին» հիմնարկի համահիմնադիր եւ իրաւական հարցերու տնօրէն Իրեն Վիքթորիա Մասիմինօ ուշադրութիւն հրաւիրեց հիմնարկին կողմէ հրապարակուած զանազան ահազանգերուն եւ նախազգուշացումներուն, որոնք յստակօրէն ցոյց կու տան ցեղասպանութեան 10 փուլերուն ընթացքը: Մասիմինօ ընդգծեց Ատրպէյճանի ոճիրները ճշգրտօրէն անուանելու անհրաժեշտութիւնը եւ շեշտեց պատասխանատուութեան եւ արդարութեան կարեւորութիւնը՝ պնդելով, որ իրական խաղաղութիւնը կարելի չէ, երբ նման վայրագութիւններու պատասխանատուները անպատիժ մնան:
– Եկեղեցիներու Համաշխարհային խորհուրդի «Հաւատքի եւ կարգի» ծրագիրի ղեկավար Անի Ղազարեան Տրիսի կարեւոր նկատեց խորհուրդին կողմէ ձեռնարկուող՝ շահերու պաշտպանութեան եւ իրազեկման նախաձեռնութիւնները: Ան ընդգծեց կազմակերպութեան ջանքերը՝ ուշադրութիւն հրաւիրելու Արցախի մէջ շարունակուող ողբերգութիւններուն եւ բովանդակալից երկխօսութեան միջոցով հակամարտութիւններու կարգաւորման մէջ անոր դերին վրայ: Ան նշեց, որ խորհուրդի ուշադրութեան կեդրոնին են մշակութային ժառանգութեան եւ քրիստոնէական քաղաքակրթութեան պահպանութեան, ինչպէս նաեւ Պաքուի կողմէ ապօրինաբար պահուող Արցախի ղեկավարութեան եւ այլ անձերու ազատ արձակման հրամայականները:
Հանդիպումը կը վարէր իրաւագիտութեան դոկտոր Գէորգ Յակոբճեան, որ Հայկական իրաւական կեդրոնի խորհուրդի անդամ է եւ ՀՕՄի ներկայացուցիչը՝ ՄԱԿի Մարդկային իրաւունքներու խորհուրդին մէջ: