Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ ջանքեր տանիլ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ բանակցութիւններուն վերսկսելու համար՝ նպատակ ունենալով հասնիլ խաղաղութեան համաձայնագիրի մը կնքման: Այս մասին յայտնեց Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ ապահովութեան հարցերու բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորել:
«Եւրոպական Միութիւնը բոլորովին հաւատարիմ կը մնայ եւ կը շարունակէ ջանքերը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի բանակցութիւնները՝ առանց յետաձգման վերսկսելու», յայտարարեց Պորել:
Ըստ անոր՝ բանակցային գործընթացի վերջնական նպատակը Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիր մը կնքելն է: