«Հայրենիք» հաստատութեան The Armenian Weekly շաբաթաթերթի խմբագիր Խաչիկ Մուրատեան անցեալ շաբաթ Ուաշինկթընի մէջ հարցազրոյցներու շարք մը ունեցած է ԱՄՆ Քոնկրէսի հինգ անդամներու հետ, որոնց մէջ գլխաւորաբար կ՚արծարծուի Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին կացութիւնը եւ այդ ուղղութեամբ յառաջիկայ ընելիքները։
Հարցազրոյցները, որոնց տեսանիւթերը կարելի է գտնել www.hairenik.com կայքին վրայ, կատարուած են Ճօ Նոլընպըրկի (Հ., Միշիկըն), Աննա Իշուի (Դ., Քալիֆորնիա), Ճորճ Ռատանովիչի (Հ., Քալիֆորնիա), Էտուըրտ Ռոյսի (Հ., Քալիֆորնիա) եւ Սքաթ Կարէթթի (Հ., Նիւ Ճըրզ) հետ։
Ներկայացուցիչներու տան հայազգի անդամ Աննա Իշու կ՚ըսէ. «Ամերիկահայերը իրենց վստահութիւնը պէտք է պահպանեն խօսնակ Փելոսիի նկատմամբ։ Ան միշտ աջակցած է բանաձեւին Քոնկրէսի իր անդամակցութեան առաջին օրէն եւ համայնքի խնդիրներուն տիրութիւն ըրած է եւ կատարած է այն, ինչ որ պէտք ըլլայ։ Անիկա իր միտքը չէ փոխած հարցին գծով»։
Իր հայկական ծագումին շուրջ տրուած հարցումին ի պատասխան քոնկրէսական Իշու կ՚ըսէ. «Ինչպէս գիտէք ես կէս հայ, կէս ասորի եմ։ Ասիկա ինծի համար շատ զօրաւոր միաձուլում մըն է, որովհետեւ իմ ընտանիքի երկու կողմերն ալ ջարդուած եւ շրջանէն բռնագաղթած են։ Երբ «Նիւ Եորք թայմզ»ի մէջ թրքական լոպպիի կողմէ ծանուցում մը տեսայ, ուր կ՚ըսէր, թէ եկէ՛ք այս խնդիրը միանգամընդմիշտ լուծենք եւ ճշդենք, թէ եղածը ցեղասպանութիւն էր թէ ոչ, յանձնախումբ մը կազմենք եւայլն… կը ներէ՛ք, իմ մեծ մայրս սո՞ւտ կը խօսի։ Սակայն, հարցը անձնականին մօտ կանգ չի առներ։ Ես կը կարծեմ ճանաչումը մեր (ամերիկացի) ժողովուրդին համար կարեւոր է, երբ ժխտումէն ճանաչումի կ՚անցնիս, դուն ազատ ես»։
Թուրքիոյ կառավարութեան եւ թրքական լոպպիի աշխատանքներուն չափին մասին Աննա Իշու կ՚ըսէ. «Անոնք աւելի ընդարձակած են աշխատանքը, աւելի դրամ կայ, աւելի ճնշում, եւ ես չեմ զարմացած»։
ԱՄՆ պետական նախկին ութ քարտուղարներու կողմէ Նէնսի Փելոսիին ուղղուած նամակին կապակցութեամբ Իշու ըսաւ, թէ իրեն համար զարմանալի չէր եւ աւելցուց. «Չզարմանալուս պատճառը այն է, որ իւրաքանչիւր նախկին քարտուղար կը պաշտպանէ օրին վարած իր քաղաքականութիւնը, եւ անոնք երբեք մեզի հետ չեն եղած։ Անոր համար կ՚ըսեմ, որ հարցը յառաջ մղելը մեզմէ կախուած է։ Այդ նամակը նաեւ լոպպիիստական գործի տարողութիւնը ցոյց կու տայ։ Մեծ գումարներ կան ասոր մէջ։ Մենք միշտ գիտակցած ենք, որ մեր դիմաց դժուար պայքար մը ունինք։ Անոնք 25 տարի յաջողեցան Քոնկրէսին մէջ, բայց կը հաւատամ, որ կրնանք կացութիւնը փոխել եւ պիտի փոխենք, որովհետեւ ճիշդը այդ է»։
ԱՄՆ Քոնկրէսի Հայկական հարցերու համախմբումի համանախագահ հանրապետական Ճօ Նոլընպըրկ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի յառաջընթացը կախուած կը նկատէ խօսնակ Նէնսի Փելոսիի որոշումէն։ «Հետեւեբար ընթացքը իրմով պիտի շարունակուի։ Այս պահուն մենք յստակ պատկերացում չունինք, թէ ինք ինչ պիտի ընէ։ Բայց պէտք է քայլը կատարուի», կ՚ըսէ Նոլընպըրկ։
Նէնսի Փելոսիին ուղղուած ԱՄՆ պետական նախկին ութ քարտուղարներու միացեալ նամակով քոնկրէսման Ճօ Նոլընպըրկն ալ չէ զարմացած, որովհետեւ «Պետական քարտուղարութեան անցեալ 30, 40, 50 տարիներու որեւէ պաշտօնեայ պիտի համաձայնի իր ստորագրութիւնը դնել տուեալ նամակին տակ»։ Քոնկրէսմէնին համար նամակը համոզիչ կէտեր չունի։ Ցեղասպանութեան ճանաչումի վտանգին ակնարկող քարտուղարներուն ի պատասխան Նոլընպըրկ կ՚ըսէ. «Նայեցէ՛ք Ֆրանսային։ Ֆրանսա քուէարկեց բանաձեւին ի նպաստ եւ Ֆրանսա անդամ է Եւրոպական այն միութեան, որուն անդամակցիլ կ՚ուզէ Թուրքիա։ Որոշ բաներ կան, որոնք Թուրքիա պէտք է ընէ, պարզ է, որ Հայաստանի շրջափակումը պէտք է վերացնէ, Ցեղասպանութիւնը ընդունի։ Ասոնք բաներ են, որ Եւրոմիութիւնը կը պահանջէ, որպէսզի Թուրքիան ընդունի այդ խումբին մէջ»։
Հանրապետական քոնկրէսմէն Ճորճ Ռատանովիչ Ցեղասպանութեան բանաձեւին մասին կ՚ըսէ հետեւեալը. «Մենք մեր լաւագոյնը կ՚ընենք, որ այն ընդունուի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին կողմէ, յոյսով ենք Հոկտեմբերին։ Անկէ ետք հարցը կը մնայ այն, թէ խօսնակը առիթ պիտի տայ զայն լիագումարին բերելու։ Մենք կը յուսանք, որ կը բերէ լիագումարին. եւ եթէ քուէարկութեան դրուի, ապա համոզուած եմ, որ 300է աւելի քուէներ կը ստանայ բանաձեւը։ Հարցը այն չէ, թէ բանաձեւը կ՚ընդունուի՞, այլ հարցը այն է, խօսնակ Փելոսի զայն պիտի բերէ՞ լիագումարին։
Հանրապետական քոնկրէսականներ Ռատանովիչ, Նոլընպըրկ, Ռոյս եւ Կարէթթ բոլորն ալ յստակօրէն կը հաստատէին, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը ճշմարիտ իրողութիւն մը ընդունելու բարոյական պահանջք է եւ երբեք հանրապետական կամ դեմոկրատ կուսակցական մեկնակէտ չունի, ինչպէս կը փորձէ ներկայացնել թրքական քարոզչութիւնը։ Բոլոր զրուցակիցներն ալ կը պատկերացնեն նիւթական այն հսկայ գումարներու տարողութիւնը, զոր Թուրքիա ի գործ կը դնէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը ձախողեցնելու համար։