Փարիզի մէջ, 7էն 22 Նոյեմբերին տեղի ունեցած ԵՈՒՆեՍՔՕի 42րդ Ընդհանուր ժողովին որոշում տրուեցաւ Շարլ Ազնաւուրի եւ Սերկէյ Փարաջանովի ծննդեան 100ամեակի յոբելեանները ընդգրկել կազմակերպութեան հռչակաւոր անձերու եւ կարեւոր իրադարձութիւններու յոբելեաններու 2024-2025ի պաշտօնական օրացոյցին մէջ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հաղորդէ, թէ Ազնաւուրի 100ամեակին դիմումը ներկայացուած է Հայաստանի եւ Ֆրանսայի կողմէ՝ Անտորրայի, Իտալիոյ, Լիւքսեմպուրկի, Մոնաքոյի, Փորթուկալի, Սենեկալի եւ առաւել քան 80 անդամներ ունեցող ԵՈՒՆԵՍՔՕի Ֆրանսախօութեան դեսպանական խումբին աջակցութեամբ:
Փարաջանովի 100ամեակի յոբելեանին վերաբերող դիմումը ներկայացուած է Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ուքրանիոյ կողմէ՝ ստանալով Կիպրոսի, Ֆրանսայի, Իտալիոյ, Լիբանանի եւ Լեհաստանի աջակցութիւնը: