Նախորդող օրերուն, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ կողմէ Արեւմուտքի հասցէին հնչեցին մեղադրանքներ՝ Հարաւային Կովկասի իրավիճակը լարելու ուղղութեամբ: Երկու երկիրները այդպիսի փորձերը անընդունելի նկատեցին:
27 Նոյեմբերին, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով յայտարարեց, որ Հարաւային Կովկասի իրավիճակը սրելու տարածաշրջանէն դուրս գտնուող երկիրներուն փորձերը անընդունելի են:
Ըստ «Թրենտ» լրատուական գործակալութեան՝ ան այդ մեկնաբանութիւնը կատարեց Թուրքիոյ ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլերի եւ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Ճուանշեր Պուրչուլաձէի հետ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած եռակողմ հանդիպումէն ետք պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն:
Հասանով ըսաւ, որ հանդիպումը Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Վրաստանի ռազմավարական մակարդակով երկխօսութեան վառ օրինակ է, որուն ընթացքին ընդգծուեցան տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան, կայունութեան, ապահովութեան եւ համագործակցութեան կարեւորութիւնը:
«Մենք յայտարարած ենք, որ տարածաշրջանէն դուրս գտնուող երկիրներու փորձերը՝ իրավիճակի սրման ուղղութեամբ, անընդունելի են, հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորումը պէտք է հիմնուի միջազգային իրաւունքի եւ սկզբունքներու վրայ, մասնաւորաբար՝ ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ անձեռնմխելիութեան սկզբունքներուն վրայ՝ պետութիւններու միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու ծիրին մէջ», շեշտեց Հասանով:
Օր մը առաջ «Ռոսիա 1» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով եւս դիտել տուաւ, որ Արեւմտեան կարգ մը երկիրներ կը փորձեն ապակայունացնել Արցախի շուրջ կացութիւնը եւ շրջանին մէջ բացայայտօրէն կը պայքարին Ռուսիոյ դէմ:
«Երեւի 3, 4, 5 տարի առաջ այսպիսի պայքար կը տարուէր դիւանագիտական դիմակներու ետին: Այժմ այդ դիմակները շատոնց արդէն նետուած են, եւ պայքարը կը մղուի դէմ առ դէմ՝ բաց երեսով», ըսաւ ան՝ մեկնաբանելով արեւմտեան քաղաքական գործիչներու «ռուս խաղաղապահները, զինուորականները շրջանէն վտարելու, Ռուսիոյ եւ Հայաստանի կապերը խզելու ուղղութեամբ նպատակներու մասին» յայտարարութիւնները:
«Իսկապէս, կարգ մը երկիրներ տակաւին կը փորձեն ապակայունացնել Ղարաբաղի շուրջ կացութիւնը, ինչ որ, ի դէպ, յանգեցուց անոր, որ ատրպէյճանական կողմը պաշտօնապէս յայտարարէ, որ այդ երկիրները դժուար թէ յաւակնին միջնորդի որեւէ դերի, որովհետեւ իրենք միակողմանի դիրքորոշում որդեգրած են, իսկ նման դիրքէ պնդումներ ընելը թէ՛ անկարելի է, թէ՛ անտեղի», շեշտեց Փեսքով:
Ըստ անոր՝ արեւմտեան երկիրները կը փորձեն Ռուսիան դուրս մղել Արցախէն, սակայն ոչ ոք կրնայ հանդէս գալ իբրեւ շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան նոյնպիսի երաշխաւոր:
Փեսքով ըսաւ, որ Ռուսիա լաւ գիտէ, որ փորձ կայ զինք շրջանէն դուրս մղելու, սակայն ցարդ ոչ ոք կրնայ շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան երաշխաւոր ըլլալ, բացի Ռուսիայէն, որ կը շարունակէ իր ջանքերը:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը նաեւ հաղորդեց, թէ Փեսքով ըսաւ, որ Ռուսիա յոյս ունի, որ Հայաստան վերջապէս պիտի վերսկսի իր մասնակցութիւնը բերել Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ):
Ան շեշտեց, որ Հայաստանի դիրքորոշումը յայտնի է։ «Մենք չենք կրնար ամէն ինչի շուրջ համաձայնիլ, որովհետեւ ՀԱՊԿը կը մնայ արդիական: Բոլոր երկիրները միակարծիք են այս դաշինքի հետագայ ամրապնդման եւ զարգացման հարցին մէջ», ընդգծեց Փեսքով: