Մայիս 11ին սկսաւ պոսթընաբնակ Արա Ազատ Պարսումեանի ցուցահանդէսը, Սամըրվիլի (Մէսէչուսէց) մէջ։ Այս հետաքրքրական ցուցահանդէսը տեւեց մինչեւ Յունիս 29։ Պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ Յունիս 9ին, կէսօրէ ետք ժամը 5էն սկսեալ։ Մօտաւորապէս երեք ժամուայ ընթացքին, Արա Ազատ Պարսումեան կատարեց իրագործումներ հսկայ պաստառի մը վրայ։
Պէյրութ ծնած, ապա երիտասարդ տարիքէն Միացեալ Նահանգներ հաստատուած եւ Պոսթընի մէջ ուսանած, ան աւարտած է Museum of Fine Arts-ը եւ յաւելեալ մասնագիտութիւն ստացած է Tufts համալսարանէն։
Արային արդի գործերը կը պատկանին վերացական դպրոցին։ Ան ունի թաքուն ուղի մը, փիլիսոփայութիւն մը կամ խոր իմաստ մը: Հետեւեալ կերպ կարելի է նկարագրել կամ դասել Արայի արուեստի ուղին: Ան քանի մը տարի առաջ յղացքային արուեստի (conceptual art) մարզէն ներս յաջող եւ յիշատակելի փորձեր կատարեց, որ Պերլինի մէջ մեծ արձագանգ ունեցաւ եւ տպաւորութիւն ձգեց։ 2003ի Իտալիոյ Ֆիրենցէ քաղաքի ցուցահանդէսին, Արա Ազատ իր մասնակցութիւնը բերաւ, ներկայացնելով Միացեալ Նահանգները։ Այս ցուցահանդէսին ալ, հետաքրքրական էր հանդիսատեսներուն կամ ակնդիրներուն կեցուածքն ու հակազդեցութիւնը: Միեւնոյն տարեշրջանի ընթացքին, Ուոթըրթաունի հայկական գրադարան-թանգարանէն ներս ալ ցուցադրուեցան անոր գործերը։
Անոր գործերը նաեւ ցուցադրուեցան Քուէյթի եւ Լիվըրփուլի (Մեծն Բրիտանիա) մէջ։ Գրական-մշակութային «Բագին» պարբերաթերթը 2006ի իր թիւերէն մէկուն մէջ անդրադարձած էր Արայի արուեստի աշխարհին։
Նախապէս, ան երկար ժամանակ գործեց Լիբանանի մէջ։ Հոն կեցութեան ժամանակ, ան աշխատանք տարաւ, որ տեղուոյն կեդրոնական բանտերէն մէկուն մէջ դասաւանդուի գեղանկարչութիւն։ Հակառակ ստեղծուած խոչընդոտներուն, առաջարկը ընդունուեցաւ, երեւոյթ մը, որ յիշատակելի է։
Արա Ազատ 1986էն ի վեր մասնակցած է աւելի քան եօթանասուն խմբային եւ անհատական ցուցահանդէսներու։