Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ներկայացուցիչները Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի ծիրին մէջ պիտի քննարկեն հայկական արտադրութիւններու ներածման գծոց վերջերս յառաջացած իրավիճակը:
Ազգային ժողովի տնտեսական հարցերու մնայուն յանձնաժողովի նիստին ընթացքին այս մասին յայտնեց Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեան` անդրադառնալով «Ռոսսելխոզնադզօր» ծառայութեան յայտարարութեան, որուն մասին մտահոգութիւն յայտնուեցաւ Հայաստանէն բոյսերու արտադրութեան մատակարարման խախտումներու աւելնալուն գծով:
Ըստ նշեալ ծառայութեան տուեալներուն` այս տարի հայկական ծաղկաբոյսերու եւ պտուղ-բանջարեղէնի տեսականիներուն մէջ յայտնաբերուած են 72 փճացածներ:
«Նոյն ժամանակ, Նոյեմբերին արձանագրուած է խախտումներու կտրուկ աճ` միայն 24էն 26 Նոյեմբեր, Ռուսիա ներածուածներուն մէջ եղած են վարակուած ծաղիկներու, վարունգի, չիրերու, խաղողի, ծաղկակաղամբի, լոլիկի, պղպեղի, սմբուկի եւ խնձորի 36 պարագաներ», կ՛ըսուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ։
«Ռոսսելխոզնադզօր»ը այս գծով պաշտօնական նամակ յղած էր Հայաստանին` խնդրելով անյապաղ ձեռնարկել համալիր միջոցառումներու` կանխելու համար վարակուած արտադրութեան Ռուսիա առաքումները:
Ըստ Քերոբեանի՝ նախորդ տարի, նուազ, քան 40 դէպքեր եղած են, եւ այն ժամանակ եւս արտադրութիւնը Ռուսիայէն վերադարձուած է:
«Մենք վերցրել ենք «Ռոսսելխոզնադզօր»ի հրապարակած նիւթերը եւ ուսումնասիրում ենք դրանք, որպէսզի հասկանանք, թէ ինչքանով են մեր տնտեսվարողների արտադրած ապրանքները անհամապատասխան են այն կարգաւորումներին, որոնք կիրառում է Ռուսաստանը», ըսաւ ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ այս բոլորին մէջ քաղաքական տարրեր կա՞ն՝ Քերոբեան ըսաւ. «Ես այդպէս չէի ասի, մեզ համար ուղղակի տարօրինակ է, որ մէկ ամբողջ տարուայ մէջ 35 մեքենայ է վերադարձւում եւ յետոյ երկու օրուայ մէջ եւս 35 մեքենայ: Դա այն դէպքում, երբ մատակարարները իրենք ապրանքների որակի մէջ որեւէ փոփոխութիւն չեն արել»:
«Սփիւթնիք Արմէնիա»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատան մաքսային կցորդ Վահան Յակոբեան յայտնեց, որ առաւել քան 1700 հայկական բեռնատարներ Վերին Լարսի մօտ` սահմանի վրացական եւ ռուսական կողմերուն կը սպասեն անցնելու իրենց կարգը։
«Մօտ 800 Վրաստանի տարածքում են սպասում եւ արդէն 900` Ռուսաստանի կողմից», նշեց Յակոբեան։