
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ-ամերիկեան թանգարան եւ մշակոյթի կեդրոնը իր երկար տարիներու նուիրատուներուն համար իրականացուց հիւրընկալութիւն մը «Չեւի Չէյս Քանթրի» ակումբին մէջ, առիթ ընծայելով անոնց, որ մօտէն ծանօթանան թանգարանի ղեկավարութեան հետ։
Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց թանգարանի հոգաբարձական կազմի համաատենապետ, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան՝ շեշտելով, որ մշակոյթի այս կեդրոնը հայոց պատմութեան, մշակոյթի եւ ժառանգութիւնը պահպանելու կենսական կեդրոն մը պիտի ըլլայ ապագայ սերունդներուն համար։



Այնուհետեւ, թանգարանի վարչութեան անդամ Գէւոն Գէւոնեան մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ թանգարանի կառուցման աշխատանքներուն մասին, որմէ ետք թանգարանի գործադիր մարմինի ատենապետ Պերճ Կարապետեան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն։
Կլենտէյլի քաղաքամէջը կառուցուող թանգարանին հիմնարկէքը տեղի ունեցաւ 2021ին: Անիկա պիտի ունենայ ամերիկահայութեան նուիրուած մնայուն հաւաքածոյ մը, ինչպէս նաեւ պարբերաբար պիտի հիւրընկալէ զանազան մշակոյթներու եւ նիւթերու նուիրուած ցուցահանդէսներ եւ ձեռնարկներ: Անիկա պիտի ունենայ թատերասրահ մը, կրթական բաժին մը, արխիւներ, ճաշարան մը եւ վաճառատուն մը:
Ձեռնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու կամ տեղեր ապահովելու համար այցելել կայքը: