ՇԱՆԹ ՆԱՃԱՐԵԱՆ
Ներկայ աշխարհի պայմաններուն մէջ, հայկական բազմաշերտ ինքնութիւնը կ՛ենթարկուի փոփոխութիւններու, զորս հասկնալը անցեալին ալ արդէն դիւրին չէր եղած։
Մինչեւ 2000ականներու սկիզբները, սփիւռքահայու մը համար հայ մնալու միջոցները սահմանափակ էին՝ հայկական դպրոցներու, եկեղեցիներու, կազմակերպութիւններու եւ կեդրոններու միջոցաւ։ Նաեւ այդ ժամանակաշրջանին, տակաւին համացանցը այսօրուան չափ ընդարձակ եւ հասանելի չէր աւ ընկերային ցանցերը զարգացած չէին։
Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ հիմնուած շատ մը հայ համայնքներ Միջին Արեւելքի հայկական գաղութներու կազմակերպական կաղապարէն ծնունդ առած են եւ կը շարունակեն գործել բազմազգութեան «ծովին» մէջ, նման արժէքային համակարգով մը։
Այդ օրերուն, Հայաստանէն դուրս ծնած սփիւռքահայը կ՛երազէր իր հայրենիքին մասին եւ զայն կը պաշտէր՝ իբրեւ բարձրագոյն արժէք։ Սակայն, կային շատեր, որոնց համար Հայաստանը պատմական խորհրդանիշ մըն էր միայն։
Հայկական վարժարան յաճախելը եւ գաղութային աշխոյժ գործունէութեամբ մեծնալով՝ ստացանք հայեցի դաստիարակութիւն եւ բաւական պատսպարուած պատանեկութիւն։ Այս, անշուշտ, հսկայական հարստութիւն էր՝ բաղդատած այն քաղաքներուն հետ, որոնք չունէին հայ կեդրոններ կամ դպրոցներ։ Սակայն, այս բոլորով հանդերձ, չկրցանք հասկնալ, թէ իրական Հայաստանը ինչ է, մինչեւ որ քանի մը առիթներ բացուեցան այցելելու եւ մօտէն առնչութիւն ունենալու անոր հետ։
2000ականներու սկիզբը, սկսաւ նաեւ նոր շարժում մը մեր գաղութներուն մէջ՝ ընտանիքներով այցելել Հայաստան։ Այն ընտանիքները, որոնք արձակուրդի կը մեկնէին Հայաստան՝ կը վերադառնային «եուֆորեայի» (գերերջանկութեան) ազդեցութեան տակ եւ կը պատմէին, թէ ինչպէ՛ս տպաւորիչ ճարտարապետութեամբ հարուստ երկիր ունինք (Գառնի, Գեղարդ, Էջմիածին, բերդեր, անթիւ եկեղեցիներ եւ այլն)։ Եւ այսպէս, ամբողջ սերունդ մը պատանի տարիքէն սկսաւ կապ հաստատել իր հայրենիքին հետ, զայն իր աչքերով տեսնելով։
Սակայն, մէկ կամ երկու անգամ այցելելով իսկապէս չկրցանք հասկնալ Հայաստանը, որովհետեւ անիկա մնաց միայն պտոյտի վայր շատերուն համար…
Գալով այս օրերուն՝ 2023ի վերջերը, ունինք շատ աւելի տարբեր իրականութիւն մը։ Ունինք հաղորդակցութեան կայծակնային արագութիւն, աւելի զարգացած երկիր մը (որ տակաւին շատ զարգանալու կարիքը ունի) եւ հայերէնով կարդալու, լսելու ու դիտելու բազմաթիւ միջոցներ համացանցի օգնութեամբ։ Հայկական առօրեայ իրականութիւնը այլեւս սահմանափակուած չէ շէնքի մը կամ կազմակերպութեան մը մէջ։ Հայաստանեան առօրեան այլեւս ապրող եւ բազմաշերտ էութիւն մըն է մեր կեանքին մէջ։ Վայրկեաններու մէջ մեզի հասանելի են Հայաստանէն լուրեր որեւէ միջադէպի, քաղաքական «կրկէսի» եւ կամ սահմանի լարուածութեան մասին։
Ինչո՞ւ արդեօք կ՛ըսեմ այս բոլորը… Մէկ նպատակով՝ այս նոր իրականութեան մէջ ստեղծել նոր ռազմավարութիւն եւ մարտավարութիւն, Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւններու միջեւ։
Այս նոր ռազմավարութեան կորիզը վերաիմաստաւորելն է Սփիւռքի դերը Հայաստանի հետ եւ Սփիւռքի պատանին/երիտասարդը աւելի ամուր կապել իր հայրենիքին հետ, յատկապէս որպէսզի հայրենիք մեկնելու, ապրելու եւ աշխատելու տեսլականը (Դէպի Երկիր) աւելի հասանելի ըլլայ, երբ վերջացնէ իր ուսումը եւ այդ ցանկութիւնը ունենայ։ Այս կրնայ կարճաժամկէտ կամ երկարատեւ հաստատում ըլլալ՝ մեկնելով անհատական ծրագիրներէ։ Նաեւ Հայաստանի հետ այդ կապը ստեղծելով, ան կ՛ունենայ հնարաւորութիւն պայքարելու ձուլումին եւ լճացումին դէմ։
Նոր մարտավարութեան մէկ տարբերակը՝ մօտեցնելն է արեւմտահայերէնով (Մեսրոպեան ուղղագրութեամբ) ուսանած Սփիւռքի աշակերտին եւ արեւելահայերէն (Աբեղեանական ուղղագրութեամբ) ուսանած Հայաստանի աշակերտին լեզուի իմացութեան մակարդակը։ Այս աշխատանքը երկկողմ պէտք է ըլլայ, եւ երկու հայերէնի ճիւղերուն զուգահեռ դասաւանդումով, որպէսզի աւելի շուտ կոտրուին լեզուի անհասկացողութեան պատերը։
Հիմնականօրէն, այս մօտեցումը ուղղուած է սփիւռքահայ աշակերտի մը տալ բոլոր գործիքները, որպէսզի ան կարողութիւնը ունենայ ապագային զբաղեցնելու Հայաստանի պետական համակարգի պաշտօններ եւ ծառայէ հայրենիքին, կամ աշխատի որեւէ կազմակերպութեան մը մէջ՝ իր մասնագիտութեամբ։ Այս մօտեցումով նաեւ Հայաստանի աշակերտը պէտք է ըլլայ աւելի գիտակից եւ ընդունակ հայերէնի տարբերութիւններուն։
Աւելցնեմ, որ համացանցի ակնարկը կապ ունի հիմնական այդ դրական գաղափարին հետ, որ մեր՝ հայ մնալու միջոցները աւելի շատ են այսօր քան 25-30 տարիներ առաջ։ «Աչքէ հեռու, սիրտէ հեռու» պատճառաբանութիւնները այլեւս այնքան ալ ընդունելի չեն։ Հայաստանն ալ այլեւս միայն այցելութեան վայր չէ, այլ՝ համայն հայութեան տունը եւ պետութիւնը։
Օգտուելով այս նոր միջոցներէն, կարելի է հնարաւորութիւններ տալ այն բոլոր հայերուն, որոնք կարելիութիւնը չունին հայկական վարժարան յաճախելու, իրենց բնակութեան վայրին բերումով, կամ ալ նիւթական դժուարութեան պատճառով։ Իբրեւ այժմէական լուծում՝ կարելի է քաջալերել հայ ծնողները՝ իրենց զաւակները արձանագրելու հայերէնի առցանց դասընթացքներու, անոնց նոյն ժամանակ տալով առիթը կապուելու հայկական իրենց արմատներուն հետ։
Ամփոփելով այս միտքերը՝ աւելցնեմ հետեւեալը. նկատի ունենալով աշխարհաքաղաքական ճգնաժամային օրերը, Արցախի ողբերգական բայց ժամանակաւոր կորուստը, եւ համաշխարհայնացման գործօնները՝ պէտք է ամրացնենք մեր մտային զինանոցը եւ աւելի լայն մաշտապով ներգրաւենք Սփիւռքը Հայաստանի պետական համակարգին մէջ։ Հայ մասնագէտներու վերադարձը դէպի հայրենիք օգուտ պիտի բերէ մեր երկրի գործելաոճին եւ մտային պաշարի աճման։
Ժամանակն է մտածելու այս ուղղութեամբ եւ զարգացնելու նոր մօտեցումներ, որոնց միջոցաւ պիտի կերտուին հզօր հայեցի դաստիարակութեամբ սնած նոր սերունդներ, որոնք իրենց գիտելիքներով պիտի աշխատին եւ նպաստեն Հայաստանի Հանրապետութեան ապագային՝ տարբեր մակարդակներով։ Հայկական պետութեան միջոցաւ, սփիւռքահայն ալ կը զօրացնէ իր ինքնութիւնը եւ հայ մնալու առիթ կ՛ունենայ։ Երբ անհատ մը նպատակ մը կը հետապնդէ, պայքարիլն ալ աւելի իմաստալից կ՛ըլլայ եւ կը դիւրանայ։ Այս շատ կարեւոր կէտ մըն է Սփիւռքի գոյատեւման համար։