
Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու տան 60 անդամներ, առաջնորդութեամբ ծերակուտական Ալեքս Փըտիայի եւ քոնկրեսական Աննա Էշուի՝ դիմեցին թէ՛ Ծերակոյտի եւ թէ Ներկայացուցիչներու տան ղեկավարներուն՝ կոչ ընելով յաւելեալ 10 միլիոն տոլարի ապահովական աջակցութիւն տրամադրելու Հայաստանին, ինչպէս նաեւ ցեղասպանութիւն վերապրած արցախահայութեան՝ յաւելեալ մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրելու։
Այս նախաձեռնութիւնը յառաջ կը մղուի Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին ջանքերով։
Քոնկրեսականները իրենց դիմումին մէջ կ՛անդրադառնան Ատրպէյճանի սադրանքներուն, մասնաւորապէս՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ շարունակուող բռնարարքներու վտանգին՝ նշելով. «Մենք յատկապէս մտահոգած ենք, որ Ատրպէյճան կը շարունակէ իր բռնարարքները՝ ներխուժելով Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը։ Ալիեւ վերջերս հարաւային Հայաստանը անուանեց «արեւմտեան Ատրպէյճան» եւ կոչ ըրաւ՝ «ազատագրել»ու ութ հայկական գիւղերը Ատրպէյճանի սահմանի երկայնքին։ Կովկասի համար այս շրջադարձային փուլին մէջ, Ամերիկայի ղեկավարութիւնը պէտք է զսպէ Ատրպէյճանի հետագայ յարձակումները եւ հայերուն առիթ ընձեռնէ պաշտպանելու իրենց ժողովրդավարութիւնը»:
Նամակը ամբողջութեամբ կարդալու համար այցելել https://anca.org/assets/pdf/120123_Padilla_Eshoo_Supplemental.pdf կայքէջը:
Մեկնաբանելով երկկուսակցական դիմումը՝ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ըսաւ. «Մենք շնորհակալ ենք ներկայացուցիչ Էշուին եւ ծերակուտական Փըտիային, որ Հայաստանի ապահովութեան եւ Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն յատկանշական աջակցութիւն տրամադրելու նպատակով, այս քայլին դիմեցին։ Նախագահ Պայտընի՝ հայկական հարցերու վերաբերեալ սխալ դիրքորոշման պայմաններուն մէջ, երբ կը զինէ Ատրպէյճանը եւ կը լքէ Արցախը՝ Քոնկրեսը կ՛աշխուժացնէ իր քայլերը՝ առաջնորդելով Թուրքիոյ եւ Պաքուի կողմից Հայաստանի գոյատեւման ուղղուած սպառնալիքներուն ամերիկեան պատասխանը»: