Պաքու կը ծրագրէ յառաջիկայ 3 տարիներուն, 140 հազար անձեր բնակեցնել իր վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ, որոնց կարգին՝ Ստեփանակերտի, Ասկերանի եւ Մարտունիի մէջ։ Այս մասին յայտարարեց Ատրպէյճանի վարչապետ Ալի Ասատով։
Ըստ անոր՝ վերջին երեք տարիներուն ընթացքին, 987 ընտանիքներ հաստատուած են 44օրեայ պատերազմէն ետք Պաքուի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ. յառաջիկայ քանի մը շաբաթներուն ընթացքին 215 ընտանիքներ եւս պիտի տեղափոխուին այդ շրջանները։